Ռաս Նաքուրայի Մէջ Զինուորական Եռակողմանի Հանդիպում

Ռաս Նաքուրայի մէջ երէկ առաւօտեան տեղի ունեցաւ եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը, լիբանանցի ու իսրայէլացի սպաներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի միջեւ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ նախորդ երկու օրերուն արձանագրուած ոտնձգութիւններուն հարցերը, յատկապէս Ուազզանիի շրջակայքը, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն արձակուած եւ Խիամի հովիտին մէջ ինկած հրթիռներուն վերաբերող հարցեր:

Քննարկուեցան նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին վերաբերող հարցեր, սահմանային Կապոյտ գիծին մէջ տիրող կացութիւնն ու հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացման հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին երկու կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործադրելու թիւ 1701 բանաձեւին կէտերը, ինչպէս նաեւ պահպանելու շրջանին խաղաղութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES