Ֆրենժիէ Ընդունեց Ռուսիոյ Եւ Եգիպտոսի Դեսպանները

Դեսպան Զասպիքին եւ Ֆրենժիէ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական հարցերն ու շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա կը քաջալերէ ներլիբանանեան երկխօսութիւնը վերսկսելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ կը դրուատէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով որդեգրուած միջոցառումները:

Զասպիքին զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան:

Ֆրենժիէի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Համտի կոչ ուղղեց շարունակելու Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստերը, ինչպէս նաեւ շարունակելու Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքը:

Share this Article
CATEGORIES