Ժոմպլաթ Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ Ժարամանայի Բնակիչներուն
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ցաւակցութիւն յայտնեց Ժարամանայի բնակիչներուն` այդ շրջանին մէջ պայթումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար:
Ժոմպլաթ ողջունեց Ժարամանայի, Սուէյտայի եւ այլ շրջաններու բնակիչներուն իմաստութիւնը, որ կը մերժէ սադրանքներուն մէջ ներքաշուիլ եւ լարուածութեան թակարդին մէջ իյնալ:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ Մուխթարայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:
Ան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտիի հետ, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

