Շարպել Պատուոյ Շքանշանով Կը Պարգեւատրուի
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Բանակի վեթերաններու լիկայի մէկ պատուիրակութեան հետ:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութեան անունով բանակի նախկին հրամանատար զօր. Իպրահիմ Թաննուս Շարպելը պարգեւատրեց պատուոյ շքանշանով:
Բանակի վեթերաններու լիկան բարձր գնահատեց Շարպելի ջանքերը եւ ճիգերը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
CATEGORIES Լիբանանեան


