«Օքապ Սաքըր Սուրիոյ Ընդդիմութիւնը Կը Զինէ» Կը Գրէ «Ախպար» Օրաթերթը

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Նախ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Օքապ Սաքըր Սուրիոյ ընդդիմութիւնը կը զինէ եւ կը հսկէ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու եւ պայթումներու կազմակերպումին:

Այս շրջագիծին մէջ, նոյն օրաթերթը հրապարակած է Սաքըրի եւ Սուրիոյ յեղափոխութեան պատասխանատուներէն մէկուն միջեւ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները:

Հաղորդակցութեան մանրամասնութիւններէն երեւան կու գան զինեալներուն կողմէ Սաքըրէն պահանջուող զէնքն ու զինամթերքը` իրենց տեսակներով եւ քանակով, ինչպէս նաեւ յանձնումի եւ ստանձնումի վայրերու ճշդումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES