Վ. Սապունճեան. «Կառավարութիւնը Կը Սերտէ Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Յաւելումները Շնորհելու Կարելիութիւնները»

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, որ երէկ իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի տնտեսական ֆորումին, յայտնեց, թէ ինք համոզուած է, որ լիբանանեան տնտեսութիւնը պիտի կարենայ դիմագրաւել այս տագնապալի հանգրուանը` անկախ անոր տեւողութենէն, որովհետեւ այդ տագնապը ուղղակիօրէն կապուած է քաղաքական, տնտեսական, ներքին եւ արտաքին իրադարձութիւններու:

Նախարար Սապունճեան անդրադարձաւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելում շնորհելու թղթածրարին` շեշտելով, որ անիկա պաշտօնեաներուն արդար իրաւունքն է, «սակայն կառավարութիւնը այդ թղթածրարը եւ յաւելումները շնորհելու կարելիութիւնները հանդարտ ու սերտուած կերպով կը քննարկէ, որպէսզի այդ տագնապը իր հետեւանքները չունենայ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակին վրայ», ըսաւ ան:

Նախարար Սապունճեան կոչ ուղղեց բարելաւելու երկրին ճարտարարուեստն ու արդիւնաբերութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES