«Երկխօսութեան Մասնակցութիւնը Պոյքոթի Ենթարկելու Որոշումը Այս Հանգրուանին Չի Համապատասխաներ Ազգային Կարիքներուն» Շեշտեց Միքաթի
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ բացումը կատարեց Լիբանանի տնտեսական ֆորումին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական որոշ ուժերու կողմէ Ազգային երկխօսութեան նիստերուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու որոշումը ժողովրդավարական իրաւունք է, սակայն այդ կեցուածքը ճշդելուն համար յայտարարուած պատճառաբանութիւնը եւ պարտադրուած նախապայմանները` երկխօսութեան մասնակցելու առումով, ներկայ հանգրուանին տիրող պայմաններուն չեն համապատասխաներ:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ այդ կեցուածքը կը հարուածէ երկխօսութեան հրաւիրող ազնիւ ջանքերը, որոնք կը միտին Լիբանանը դուրս բերել փակուղիէն:
«Պոյքոթի ենթարկելու այս որոշումին նպատակն է ամբողջ աշխարհին ներկայացնել, թէ լիբանանեան իշխանութիւնները անզօր են լուծելու իրենց հարցերը, հետեւաբար արտաքին միջամտութիւն պահանջել», ըսաւ ան` հարց տալով, որ արդեօք այսպէ՞ս կը պաշտպանեն երկիրը` անիշխանութեան վտանգներէն:
Անդրադառնալով պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին վերաբերող մտահոգութիւններուն` Միքաթի նշեց, որ անոնց քաջածանօթ է կառավարութիւնը եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լուծելու համար այդ հարցերը` իրաւատէրերուն իրաւունքները շնորհելու եւ միաժամանակ լիբանանեան դրամանիշին արժէքը պահպանելու նպատակով:
Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց բոլորին Լիբանանի նկատմամբ բոլոր երկիրներուն վստահութիւնը բարձր պահելու` շեշտելով, որ կառավարութիւնը ճիգ պիտի չխնայէ Լիբանանի քաղաքական, ապահովական, ընկերային եւ տնտեսական հզօրացման ու բարգաւաճման ի խնդիր:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի կէսօրէ ետք ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի գաղթականներու եւ գաղթականութեան հարցերու օգնական Էն Ռիչըրտը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի: Ներկայ գտնուեցան նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ կրթութեան ու բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր եւ Լիբանանի կողմէ անոնց տրամադրուած մարդասիրական օժանդակութիւնները:


