Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Քաղաքական Իրադարձութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխաններ Ապտալլա Ֆարհաթը եւ Մուսթաֆա Հաշեմը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա, որ նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց ընդհանուր տնօրէնութեան աշխատանքները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանանը մուտք գործած է տօնական օրերու հանգրուան:
Նախագահ Սլէյմանի այցելուներէն եղաւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյման: Քննարկուեցան խորհուրդին աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման յառաջիկայ 6 եւ 7 դեկտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Յունաստան` ընդառաջելով Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիասի հրաւէրին:
CATEGORIES Լիբանանեան


