Մըքտատ Ընտանիքը Փակեց «Հատի Նասրալլա» Մայրուղին

Ցուցարարները կը փակեն ճամբան

Մըքտատ ընտանիքին անդամները երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն փակեցին Հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող «Հատի Նասրալլա» մայրուղին` իբրեւ բողոք իրենց հարազատներուն դատավարութեան առնչութեամբ արձանագրուած ձգձգումներուն:

Ցուցարարները, որոնք մեծաւ մասամբ իգական սեռին կը պատկանէին, յայտնեցին, թէ իրենց հարազատներուն հետ դատական իշխանութիւնները կը վարուին իբրեւ ոճրագործներ եւ ահաբեկիչներ, «մինչդեռ անոնք կը փորձէին Սուրիոյ մէջ առեւանգուած մեր հարազատին` Հասսան Մըքտատի ճակատագիրին մասին տեղեկութիւն ունենալ եւ անոր ազատ արձակումը ապահովել: Անկարելի է ընդունիլ անոնց դէմ արձակուած ցմահ բանտարկութեան վճիռները»:

Մըքտատ ընտանիքին անդամները անմիջապէս վրաններ լարեցին մայրուղիի ծայրերուն` ձգելով այն տպաւորութիւնը, թէ իրենց յայտարարած բաց նստացոյցը պիտի ըլլայ երկարատեւ:

Մըքտատ ընտանիքին անունով Մահմուտ Մըքտատ շեշտեց, որ իրենց յայտարարած բաց նստացոյցին կը մասնակցին ազատական եւ խաղաղասէր անհատներ: «Մենք կը փափաքինք լիբանանեան պետութեան (եթէ գոյութիւն ունի) յիշեցնել, թէ Մըքտատ ընտանիքը անլոյծ հարցեր ունի իր մօտ», ըսաւ ան:

Նշենք, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը փորձեցին բանալ փակուած մայրուղին, սակայն անոնք չկրցան յաջողիլ իրենց պարտականութեան մէջ` խաղաղ կերպով ցոյց կատարող եւ ապահովութեան ուժերը վարդերով դիմաւորող քաղաքացիներուն վճռակամութեան ի տես:

Նստացոյցին վայրը ժամանեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որ հանդիպում մը ունեցաւ Մըքտատ ընտանիքի պատասխանատուներէն մէկուն հետ` անոր բնակարանին մէջ:

Շարպել յայտնեց, որ խիստ մերժելի է լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցնել, որովհետեւ այդ իշխանութիւնները իրենց պարտականութիւնը լիովին կը կատարեն, ինչպէս նաեւ դատավարութիւնները չեն ուշացներ:

«Դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ պէտք է վստահութիւն ունենալ», ըսաւ ան եւ ցուցարարներէն պահանջեց վերաբանալ ճամբան:

Մըքտատ ընտանիքի անդամները դատավարութեան խոստումներէն ետք վերաբացին մայրուղին` շեշտելով, որ իրենք պիտի չգոհանան, մինչեւ որ իրենց բոլոր հարազատները Ռումիէի բանտէն ազատ արձակուին:

Միւս կողմէ, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Մըքտատ ընտանիքի արգելափակեալներուն համար դատավարութեան թուական ճշդուած է 18 դեկտեմբերը եւ նման արարքներու բնաւ կարիք չկայ:

 

Share this Article
CATEGORIES