Անգարայի Ֆրանսական Դպրոցին Մէջ Երեխաները Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Կը Սորվին
Թրքական «Սամայեոլու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Անգարայի ֆրանսական դպրոցին մէջ, ուր կը յաճախեն նաեւ թուրք երեխաներ, աշակերտներուն պատմութիւն կը դասաւանդուի այն դասագիրքերով, որոնց մէջ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին կը խօսուի:
Անգարայի Շարլ տը Կոլ ֆրանսական դպրոցի դասագիրքերուն մէջ «Հայոց ցեղասպանութիւն. 1915-1916» խորագիրով ենթաբաժին մը կայ, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Շուրջ մէկ միլիոն հայեր սպաննուեցան 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ընթացքին: Մինչեւ բախումներու սկիզբը այստեղ շուրջ երկու միլիոն հայ կար»:
Դասագիրքին մէջ կը նշուի, որ 1915-ին Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչները ցեղասպանութեան կազմակերպման հարցով գաղտնի ժողովներու կը մասնակցէին:
Գիրքը «բացայայտած է» Անգարայէն ընտրուած երեսփոխան Էօզճան Ենիչերին: «Այդ դասագիրքերը ո՞վ հաստատած է, գիրքի այս գլուխէն տեղեա՞կ էք, եթէ այո, ապա ի՞նչ քայլերու ձեռնարկած էք», հարց տուած է երեսփոխանը:

