Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Քոնկրեսական Ռոյսի Նոր Նշանակումը
ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեց քոնկրեսական Էտ Ռոյսի` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին նշանակուիլը:
Հայանպաստ գործիչ Էտ Ռոյս իր լիազօրութիւնները պիտի ստանձնէ 2013 թուականի յունուարէն:
Քոնկրեսական Ռոյս մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ջատագով է եւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ մնայուն կերպով անդրադարձած է հայերուն համար կենսական խնդիրներուն` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին եւ Հայոց ցեղասպանութեան:
Քէն Խաչիկեան յայտնեց, որ իբրեւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ` հանրապետական Ռոյս մարդկային հիմնարար իրաւունքներու մեծ պաշտպան էր եւ իր մտահոգութիւնները կը յայտնէր Ցեղասպանութեան պատճառով Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած եկեղեցիներու ու քրիստոնէական համայնքի ունեցուածքի վերադարձի օգտին:

