ԻՇԽԱՆ ՈՒԻԼԻԸՄ ԵՒ ՔԷՅԹ ՄԻՏԸԼԹԸՆ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՆ

Իշխանական Ս. պսակի խորհուրդը

Բրիտանիոյ Ուիլիըմ իշխանն ու Քէյթ Միտըլթըն երէկ Ուեսթմինիսթըր Ապի տաճարին մէջ բազմաթիւ ականաւոր հրաւիրեալներու ներկայութեան պսակուեցան, մինչ հազարաւոր համակիրներ Լոնտոնի մայթերուն վրայ հաւաքուեցան ամուսնացեալ իշխանական զոյգին շքախումբը տեսնելու համար: Հրաւիրեալներու շարքին էին նախկին վարչապետ Ճոն Մէյճըր, Էլթըն Ճոն, Տէյվիտ Պեքհամ, եւրոպական թագաւորական ընտանիքներու ներկայացուցիչներ եւ Բրիտանիոյ մէջ օտար երկիրներու դեսպաններ: Սուրիոյ դեսպանին ուղղուած հրաւէրը մետասաներորդ պահուն չեղեալ նկատուած էր: Նախկին վարչապետներ Թոնի Պլեր եւ Կորտըն Պրաուն պսակին չէին հրաւիրուած: Թէեւ այս երեւոյթին պաշտօնական բացատրութիւնը Պլերի եւ Պրաունի թագաւորական ընտանիքին մաս չկազմելն էր, սակայն մեկնաբաններ կը նշեն, որ հրաւիրեալներու ցանկին մէջ անոնց անուններուն բացակայութեան պատճառը իրենց պաշտօնավարութեան ընթացքին արքայական ընտանիքին նկատմամբ անոնց ոչ բարենպաստ կեցուածքներն էին:

Ըստ նախատեսութեան, աշխարհի տարածքին շուրջ երկու միլիառ դիտողներ հետեւած են Բրիտանիոյ ապագայ թագաւորի պսակին սփռումին. վերջինիս հետ բրիտանական թագաւորութիւնը վերակենդանացնելու յոյսեր կապուած են: Պսակի արարողութիւնը կատարեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ռոըն Ուիլիըմզ:

Share this Article
CATEGORIES