50 Տարի Առաջ (1 Դեկտեմբեր 1962)

Ներքին Կեանք

Արձաններ Պիտի Հաստատուին
Պէյրութ
–Սարպա Մայրուղիին Վրայ

Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայել նախագահեց ժողովի մը, որուն կը մասնակցէին Մեթնի երեսփոխան Մորիս Ժեմայել եւ արձանագործներ Եուսեֆ Ղուսսուպ եւ Հալիմ Հաժ:

Ժողովի ընթացքին քննուեցաւ լիբանանեան գիւղերու բարեզարդման ծրագիրը, որ պիտի իրագործուի արձաններու շինութեամբ եւ գիւղագնացութեան վայրերու մէջ հանրային եւ պարտէզներու յարդարումով:

Հանրօգուտ շինութեանց նախարարը շատ հետաքրքրուած է այս ծրագրով եւ խոստացած է օգնել անոր գործադրութեան` անհրաժեշտ պիւտճէն յատկացնելով:

Ըստ այս ծրագրին, պատնէշներ պիտի շինուին Պէյրութ-Սարպա մայրուղիի երկայնքին եւ լիբանանեան մշակոյթը խորհրդանշող արձաններ պիտի բարձրացուին:

Յառաջիկայ շաբաթ եւս ժողով մը պիտի գումարուի այս հարցին քննութիւնը շարունակելու համար:

Արայա – Շթորա Փապուղիին Ծրագիրը

Արայա-Շթորա փապուղիի ծրագրին պատրաստութեան աշխատանքները փութով առաջ կը տարուին: Հանրօգուտ շինութենաց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ երէկ նախագահեց ժողովի մը, որուն կը մասնակցէին Պէյրութ-սուրիական սահման ճամբուն վրայ ինքնաշարժներու երթեւեկին շուրջ վիճակագրութիւններ պատրաստելու պարտականութիւն ունեցող մասնագէտները:

Ժեմայէլ ապա ընդունեց Վերին Ժիպէյլի բնակիչներուն պատուիրակութիւնը, որ եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու` Եահֆար, Մըշմըշ, Մէյֆուք, Թարղայա, Մաժտալ եւ Աքուրա գիւղերը ելեկտրական հոսանքով օժտուած ըլլալուն առթիւ:

Մամուլի Շարքերը Պիտի Մաքրազտուին

Մամլոյ սենտիքան իր վերջին ժողովին որոշեց կազմել յատուկ յանձնախումբ մը, որ քննութիւն պիտի կատարէ լիբանանցի լրագրողներու մասին: Այս քննութեան նպատակն է լրագրողներու ցանկէն հանել այն անձերը, որոնք իսկապէս լրագրութեամբ չեն զբաղիր:

Յանձնախումբին անդամներն են` Ռիտա Թահա, Թուֆիք Մեթնի, Մըլհեմ Քարամ եւ Ուաֆիք Թիպի:

 

Տոմսեր

Գաղթավայրերը

Զուիցերիական ծանօթ շաբաթաթերթ մը` «տի Վելթվոխէ», երկու թղթակիցներ ղրկած է Խորհրդային Միութիւն ու կը հրատարակէ անոնց տպաւորութիւնները` «Այսպէս են Ռուսիոյ գաղթավայրերը: Ճամբորդութիւն խորհրդային ծանօթ հանրապետութեանց մէջ» խորհրդաւոր խորագիրներով:

Սեպտեմբեր 28-ի թիւով եւ «Յաւիտենական հայը» ենթախորագրով, զոյգ թղթակիցները կը պատմեն իրենց տպաւորութիւնները Խորհրդային Հայաստանէն, որ մէկն է «անծանօթ հանրապետութիւններէն», ու կ՛ընեն հետեւեալ հաստատումները` իրենց քանի մը օրուան թափառումներէն ետք.

– Ռուսական ազդեցութեամբ, Երեւան մայրաքաղաքը բաւական արագ զարգացած է.

– Ռուսիա անբաղդատելի թռիչք մը տուած է երկրին, որ երբեմն անյուսօրէն աղքատութեան մէջ կը գտնուէր:

– Բազմաթիւ գործարաններ շինուած են եւ այլն, եւ այլն:

Կը մնայ միայն շնորհակալութեան ուղերձ մը կամ մաղթերգ մը նուիրել այս անօրինակ գաղթատիրութեան տէրերուն` ռուս… բարեկամներուն:

«Կը տեսնենք, սակայն իրենց շղթաները…,- կ՛ըսեն զոյգ թղթակիցները, որքան ալ ոսկեզօծուած ըլլան»: Թղթակիցները կը տեսնե՞ն, սակայն ընթերցողը չի տեսներ, թղթակցութեան մէջ երբ մանաւանդ կը տեղեկանայ, թէ ռուսերը հոն եւս «գիտեն» անտեսանելի դարձնել իրենց ներկայութիւնը»:

Ուրեմն տեսնուած շղթաները… ժամացոյցի շղթաներ պիտի ըլլա՞ն, հաւանաբար զուիցերիական արտադրութիւն, եւ ոսկեզօծուած` ռուս մասնագէտներու կողմէ:

Երբ գաղթավայր կ՛ըսեն, կ՛ակնկալուի, որ ցոյց տրուի, թէ ինչո՛ւ գաղթավայր է, եւ ի՞նչ օտար ազդեցութիւն կայ այդ «անծանօթ հանրապետութեան» մէջ:

Թղթակիցները մտած են Երեւանի մէկ ճաշարանը:

Կը բանան շիշ մը քոնեաք եւ սպասեակին հետ խօսքի կը բռնուին, թէ չի՞ խորհիր ազատութեան մասին, օրինակ, ազատ ճամբորդութիւն մը` դէպի Զուիցերիա:

Հայ սպասեակը կը պատասխանէ, թէ Լիբանանի մէջ ապրած միջոցին ալ չէր կրնար Զուիցերիա ճամբորդել:

… Ուրեմն, ի՜նչ ազատութիւն, ի՛նչ բան: Եւ ին՛չ գաղթավայրի պատմութիւն:

Իսկ ո՞ր զուիցերիացին կը մտահոգուի, թէ Երեւանի քանի մը տասնեակ գործարանները շինուած են` գլխաւորաբար Ռուսիոյ արտածումներուն համար, որոնք շատ կապ չունին հայկական շահերու հետ: Թէ` մարդիկ չեն կրնար գոհացուցիչ ապրուստ մը ապահովել իրենց շահածով: Թէ` յաճախ տարրական բաներ կը պակսին երկրին մէջ, ուր կայ… պոլիվինիլացետատ արտադրող ցեխ մը, բայց չկայ` կօշիկի ցեխը մաքրող խոզանակ մը…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Share this Article
CATEGORIES