Նամակ Մը Անջրպետին Մէջ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մէկ շաբաթ առաջ Էքոսթար 16-րդ հաղորդակցութեան արբանեակը դէպի անջրպետ արձակուեցաւ: Ան հետը ունէր շատ իւրայատուկ «ճամբորդ» մը` «Լասթ փիքչըրս» անունով (վերջին նկարները) սկաւառակ մը:
Էքոսթար արբանեակը պիտի ծառայէ ամբողջ աշխարհին շուրջ սփռելու հարիւրաւոր պատկերասփիւռի կայաններ: Մինչ անոր յատուկ «ճամբորդը» իր մէջ կը պարունակէ միայն 100 պատկեր: Սակայն այդ 100 պատկերները կը ներկայացնեն ամբողջ մարդկութեան պատմութենէն հատուածներ` ամէնէն կարեւոր դէպքերէն. վկայութիւն մը մեր գոյութեան հետքերուն իբրեւ յիշատակ:
Այս սկաւառակին միտքը յղացած եւ իրագործած է ամերիկացի արուեստագէտ-աշխարհագրագէտ թրեւըր փլէյճըն:
Ան հինգ տարի աշխատած է նշանաւոր գիտնականներու, արուեստագէտներու, մարդաբաններու եւ փիլիսոփաներու հետ` այդ 100 նկարները ընտրելու համար: Սելիսիոմ նիւթէ պատրաստուած, ալիւմինոմէ եւ ոսկիէ խառնուրդով մը պահպանուած այս սկաւառակը անջրպետին մէջ կրնայ տոկալ միլիառաւոր տարիներ:
Թրեւըր Փլէյճընի համար այս սկաւառակը չէ պատրաստուած արտերկրային էակներու հետ հաղորդակցելու համար: Ըստ անոր, այս սկաւառակին շնորհիւ, հազարաւոր, միլիառաւոր տարիներ ետք մարդոց շինածը տակաւին պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ աստղերուն միջեւ:
Գիտնականներ, որոնք կը հաւատան, թէ արտերկրային էակներ գոյութիւն ունին, արդէն անջրպետ ղրկած են առարկաներ` անոնց հետ հաղորդակցիլ փորձելու համար:
1972 թուականին «փայոնիր» անջրպետանաւը իրեն հետ տարաւ ոսկիէ տախտակ մը, որուն վրայ փորագրուած էին այր մարդու մը եւ կնոջ մը պատկերները, ջրածինի հիւլէ մը եւ երկրագունդին դիրքը` արեգակնային դրութեան մէջ:
Ապա 1977-ին ոսկիէ վինիլ սկաւառակ մը ղրկուեցաւ անջրպետ` «Վայըճր-1» եւ «Վայըճըր-2» անջրպետանաւերուն մէջ: Ան կը պարունակէ երկրագունդի վրայի կեանքէն եւ մշակոյթէն ձայներ եւ պատկերներ:
Այժմ «Վայըճըր-1» եւ «Վայըճըր-2» լքած են մեր արեգակնային դրութիւնը, եւ մենք ոչ մէկ կապ ունինք այլեւս «Փայոնիր»-ին հետ, 2003 թուականէն ի վեր:
Արդեօք օր մը դէպի անջրպետ մարդուն ղրկած այս «նամակները» պիտի անցնի՞ն անջրպետի մէջ ապրող այլ էակներու ձեռքը…
Անջրպետին Մասին
- Ինչո՞ւ մոլորակները կլոր են
Ժամանակին մարդիկ կը կարծէին, թէ երկրագունդը տափակ էր: Ապա մէկը բացայայտեց, որ երկրագունդը եւ միւս մոլորակները կլոր էին: Մոլորակները կլոր են ձգողական ուժին պատճառով: Երբ մոլորակները կը կազմուին, ձգողական ուժը նիւթերը կը քաշէ դէպի մոլորակին կեդրոնը: Երբ ասիկա կը պատահի, մոլորակին բոլոր բաժինները նոյն ձեւով կը քաշուին դէպի մոլորակին կեդրոնը. ասիկա անոր կու տայ այդ իւրայատուկ կլորակ ձեւը: Սակայն, ոչ բոլոր մոլորակները իսկապէս կլորակ են: Օրինակի համար, որովհետեւ երկրագունդը ինքնիր վրայ կը դառնայ, ձգողական ուժը մոլորակին մէջտեղը պզտիկ ուռեցք մը կը յառաջացնէ:
- Ինչո՞ւ աստղերը կը փայլին
Անոնք պարզապէս այդ տպաւորութիւնը կը ձգեն: Մեզի կը թուի, թէ աստղերը կը փայլին, որովհետեւ մենք զանոնք կը տեսնենք երկրագունդին մթնոլորտին մէջի տաք եւ պաղ օդի թանձր խաւերուն ընդմէջէն: Եւ որովհետեւ օդը կը շրջի, աստղին լոյսը կը ծռի, երբ ան մթնոլորտին մէջէն կ՛անցնի: Ամէն անգամ մենք աստղին կը նայինք, անոր ճամբան թեթեւօրէն կը շեղի` անոր տալով փայլքի մը տպաւորութիւնը:
- Ինչո՞ւ մենք անջրպետին մէջ չենք կրնար շնչել
Զգողական ուժը ամէն ինչ իր տեղը կը պահէ երկրագունդին վրայ, անոնց կարգին նաեւ` մթնոլորտին մէջի թթուածինը: Մենք թթուածինի պէտք ունինք շնչելու եւ կենդանի մնալու համար: Երկրագունդին մթնոլորտը մեզի կը հայթայթէ այդ թանկարժէք նիւթը, որպէսզի մենք կարենանք ապրիլ: Անջրպետին մէջ գոյութիւն ունին տեսակաւոր կազեր, ինչպէս նաեւ` թթուածին: Սակայն որովհետեւ անջրպետին մէջ շատ քիչ ձգողական ուժ գոյութիւն ունի, ոչինչ կրնայ իրարու մօտ բերել եւ կապել այդ կազերը` մթնոլորտ մը ստեղծելու համար: Հետեւաբար անջրպետին մէջի կազերը շատ արագ կը սփռուին շատ հեռաւոր տարածութիւններու վրայ եւ մեզի համար անկարելի կ՛ըլլայ շնչելը առանց յատուկ անջրպետի հագուստ մը հագուելու:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ…
- Աւելի քան 5 միլիառ մոնոփոլիի կանաչ տունիկներ շինուած են 1935 թուականին խաղին շուկայ իջնելէն ի վեր:
- Մեղուները կրնան տեսնել անդրմանիշակագոյնը, դեղինը, կապոյտը, կապոյտ-կանաչը, բայց ոչ` կարմիրը:
- Խեչափառները սարդերուն հեռաւոր զարմիկներն են:
- Միացեալ Նահանգներու Նիւատա նահանգին մէջ գտնուող Լաս Վեկաս քաղաքը աշխարհի ամէնէն լուսաւոր վայրէն է:
- Նոր Զելանտայի մէջ գոյութիւն ունին օձաձուկեր, որոնք կրնան ապրիլ աւելի քան 100 տարի:
Խոհագիր
Միքոյին Համեմներով
Կարկանդակը
Ֆինլանտայի մէջ Կաղանդի պատրաստութիւնները կը սկսին հոկտեմբերէն սկսեալ: Խանութներուն ցուցափեղկերը կը լուսաւորուին եւ ընտանիքները կը սկսին զարդարանքներ պատրաստելու: Կը շինուին նաեւ համեմներով կարկանդակներու տեսակներ, որոնց մէկ մասը մէկ կողմ պիտի դրուի Կաղանդ պապային համար:
Պէտք ունիս (4 հոգիի համար)
100 կրամ փափուկ կարագի, 200 կրամ սրճագոյն շաքարի, 2 հաւկիթի, 20 սանթիլիթր հեղուկ քրեմի, 220 կրամ ալիւրի, 1 ապուրի դգալ փոշի կասիայի, 1 սուրճի դգալ մեխակի գամի փոշիի, 1 սուրճի դգալ փոշի կոճապղպեղի (ճինճըր), 1 սուրճի դգալ պէյքինկ փաուտըրի:
Պատրաստութիւն

8.- Խմորը պարպէ քառանկիւն ափսէին մէջ եւ կարկանդակը փուռին ցած դարանին վրայ դիր եւ եփէ մօտաւորապէս 1 ժամ:
Ժամանց












