Նշմար. Հարցը Լոկ Նիւթական Չէ
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքի նախօրեակին դարձեալ միտքս կը փոթորկի, եւ ես կը սկսիմ մտածել, որ 1988-ի երկրաշարժի օրերէն սկսեալ, բոլոր մակարդակներու վրայ, սփիւռքը միշտ զօրավիգ կանգնեցաւ Հայաստանի բարօրութեան եւ բարգաւաճման եւ օր մը ո՛չ կրթական, ո՛չ բարեսիրական, ո՛չ հայրենակցական, ո՛չ մարզական, ո՛չ ալ մշակութային կառոյցներ զլացան: Ընդհակառակն, իրենց ունեցածն ու չունեցածը կարելին եւ անկարելին ի սպաս դրին մեր հայրենիքի հզօրացման: Այս բոլորէն ետք, այսօր մենք, հալէպահայութեան արհաւիրքի օրերուն, դէմ յանդիման կը գտնուինք կենաց մահու հարցի մը. կը զարմանամ եւ կ՛ընդվզիմ. հիմնադրամը փոխանակ իր այս տարուան դրամահաւաքը ամբողջութեամբ սուրիահայութեան վերականգնման նուիրելու, նոյն թափով, կարծէք բան մը պատահած չէ, եւ` աւելի վիրաւորականը, իր հաւաքած գումարէն տասը առ հարիւրը կը յատկացնէ, այդ ալ` Հայաստան գտնուող սուրիահայերու նպաստին:
Յետո՞յ: Ո՞վ զգաստութեան պիտի հրաւիրէ: Ինչպէ՞ս պէտք է զգալ կացութեան ահաւորութիւնը: Ինչո՞ւ խորքային եւ լուրջ մօտեցում չունինք հալէպահայութեան հանդէպ: Չէ՞ որ նոյն ազգն ենք, նոյն արիւնը, նոյն ճակատագիրը: Ինչո՞ւ սուրիահայութեան վերականգնումին բարոյական աջակցութեան փոխարէն` նիւթական մեծ ներդրում չենք ըներ: Հաւատք չունի՞նք: Ապագան մո՞ւթ կը տեսնենք:
Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հաւաքած գումարը ամբողջութեամբ պէտք է յատկացուի սուրիահայութեան: Աւելի՛ն. պէտք է յատկացուի նաեւ լիբանանահայ վարժարաններուն, որոնք գրկաբաց ընդունած են գաղթական մեր հայրենակիցներուն զաւակները:
Չէ՞ որ մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ ենք: Ժամանակն է, որ գոնէ մէկ անգամուան համար «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հաւաքած գումարը յատկացուի սփիւռքահայութեան տաքուկ սիրտը համարուող հալէպահայութեան:
Միայն այս քայլով պիտի զգանք միասնակամութիւնը: Միայն այս քայլով պիտի զգանք, որ Հայաստանը սփիւռքէն միայն չ՛առներ, եթէ պէտք է, կու տայ նաեւ: Միայն այս քայլով ոգեղէն եւ հոգեկան կապուածութիւնը կը զօրանայ: Հարցը լոկ նիւթական չէ: Նիւթականին մէջ` բարոյական եւ սկզբունքային: Թափանցիկութիւն եւ վստահելիութիւն: Այլապէս կամաց կամաց բոլորս ալ կապի, սիրոյ, վստահութեան, երախտագիտութեան եւ արիւնակցութեան զգացումներէ պիտի պարպուինք:

