Կիրակնօրեայ Խօսքը. Յանդիմանութիւնն Ուղղուած Է «Անմիտ»-ներուն…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ Ընթերցող, ուշադրութի՛ւն: «Անմիտ»-ները կրնան ըլլալ ոչ միայն հարուստներն ու մեծամեծները, այլ նաեւ` աղքատներն ու փոքրաւորները…
Հարուստները ապաւինած կրնան ըլլալ իրենց դրամին, մեծամեծները` իրենց իշխանութեան, իսկ աղքատները դառնացած կրնան ըլլալ իրենց վիճակէն, փոքրաւորները` իրենց ողորմելիութենէն…
Չորս դասակարգերէն թէ՛ առաջին երկուքին յենակէտը եւ թէ՛ երկրորդներուն ելակէտն է անոնց դրամականը, արտաքինը, նիւթականը, այլ խօսքով` անցաւորը, վաղանցուկը:
Հարուստներուն եւ մեծամեծներուն, բայց նաեւ աղքատներուն եւ փոքրաւորներուն «անմիտ»-ութիւնը կը կայանայ այս վերջակէտին մէջ, որ անոնք իրենց ինչքը կամ ընչազրկութիւնը կապած են ժամանակաւորին եւ միատեն կորսնցուցած են իրենց մարմնաւոր ու հոգեմտաւոր տեսողութիւնն անժամանցելիին եւ անկորնչելիին հանդէպ:
Այսօր, սակայն, կը գրեմ «անմիտ»-ներուն խմբակէն հարուստներուն մասին լոկ, քանի կիրակնօրեայ աւետարանին ընթերցուածը (Ղկ. 12,13-21) սուրբգրային մեկնաբանութեան մէջ կը խորագրուի «Անմիտ հարուստը» վերտառութեամբ:
Յիսուսի ուկնդիրներէն մէկը, թելադրուած աստուածային Քարոզիչին հոգեկանութենէն ու Հրաշագործին հեղինակութենէն, կը խնդրէ ազդու միջամտութիւն` երկու եղբայրներուն ժառանգութեան արդար կարգաւորումին համար:
Առիթն է հարցադրելու. «Մեզմէ ո՞վ կ՛առնէ Յիսուսը, որ մեր անսխալական Դաստիարակն է, իբրեւ խորհրդատուն իր առօրեային մէջ, կամ` իբրեւ չափանիշը իր խօսքերուն եւ արարքներուն…»:
Մեզմէ կորովի ճշմարտախօսները պիտի պատասխանեն. «Մենք ոչ միայն մոռցած ենք Քրիստոսը առնելու իբրեւ խորհրդատուն եւ չափանիշը մեր ամէնօրեային ընթացքին, այլ նաեւ խփած ենք մեր ականջները, որ չլսենք, օրինակի համար, այս հրահանգը Աստուածային Վարդապետին, թէ` «ի՛նչ բան կ՛ուզէք, որ մարդերն ընեն ձեզի, դուք ալ նո՛յնն ըրէք անոնց»…» (Մտթ. 7,12)
Ժամանակաւոր ու յատկապէս դրամական հարցերուն միջամտելու իր մերժումին կը կցէ Յիսուս այս յստակ հրամայականն ու հաւաստիացումը. «Զգուշացէ՛ք ամէն ընչաքաղցութենէ, որովհետեւ նոյնիսկ հարստութեան մէջ մարդուն կեանքը կախում չունի ինչքերէն» (Ղկ. 12,15):
Յիսուսի հրամայականը եթէ շատ յստակ է, ապա նաեւ հաւաստիացումը շատ բացայայտ է` ուղղուած, ընդհանրապէս, բոլոր մարդերուն, եւ, մասնաւորապէս, բոլոր հարուստներուն` վճռական դատողութեամբ ու անյետսկոչելի իմաստութեամբ հասկցնելու համար, թէ կեանքը կախում չունի իրենց դիզած եւ կեղեքած բիւրապատիկ միլիոններէն (միլիառներէ՞ն)…:
Իր ունկնդիրներուն, մեզի ու վերոյիշեալ անուանակիրներուն իր անվիճելի խօսքն ըմբռնել եւ անոր համապատասխան ապրելակերպն որդեգրել տալու համար Քրիստոս պատմեց առակ մը առօրեայ կեանքէն:
Մեծահարուստ մը ունէր բազմաթիւ կալուածներ, որոնք «առատ բերք տուին», այնքան, որ շտեմարաններն այլեւս չէին բաւեր: Այսպէս, մեծ ունեւորը շատ աւելին ունեցաւ, բայց երբեք չյագեցաւ: Ուստի, մեծատունը, միշտ եսախոհ եւ ինքնախօս լոկ, որոշեց շինել աւելի ընդարձակ մթերանոցներ` ամբարելու համար «ամբողջ ցորենն ու բոլոր ինչքերը»:
Իր դրամին ապաւինած` դրամատէրը միշտ կը կարծէ, թէ ինք միշտ խելացի, հնարամիտ, ինքնաբաւ ու ազատ է ընելու եւ գործելու այնպէս, ինչպէս ի՛նք կ՛ուզէ. ուստի, իր մտադրածն իրականացնելէ ետք, դարձեալ չնաշխարհիկ մենախօսութեամբ մը քաջալերեց ինքզինք. «Ահաւասիկ ամբարուած անսպառ պարէն ունիս երկար տարիներու համար: Հանգստացի՛ր, կե՛ր, խմէ՛ եւ զուարճացի՛ր» (Ղկ. 12,19):
Աստուած, որ Ամենագէտը եւ Ամենատեսն է, ինչպէս ալ` Ամենարդարն ու Ամենասուրբը,
խօսեցաւ այս մեծախօս հարուստին եւ ամէն օր կը խօսի իւրաքանչիւրին անոր յարանմաններէն, նաեւ ամէն մէկուն վերոյիշեալ հայ անուանակիրներէն, որոնք, սակայն, առանց ունկնդրելու Խօսքին, իրենք զիրենք կը համարին շատ ապահով, անմերձենալի, անհպելի եւ անխոցելի.«Անմի՛տ, այս գիշերն իսկ հոգիդ պիտի առնեն քեզմէ, եւ ամբարածդ որո՞ւ պիտի մնայ» (Ղկ. 12,20):
Ո՛չ մոլի ինքնաբաւութիւնը, ո՛չ եսախտը, ո՛չ դրամաղտը, ո՛չ հարստադիզումը, որ միայն իր իմաստը կը տեսնէ սեփական շտեմարանները լեցնելու եւ իր անձը հանգստաւէտութեամբ, կերուխումով ու զուարճասիրութեամբ յագեցնելու մէջ, այլ` Աստուծոյ առջեւ հարստանալու, ուրիշներու հետ եւ ուրիշներու համար լաւագոյնս ապրելու տե՛նչը յառաջացուց մեր աշխարհը, մեր զարգացումը, մեր կենսորակը, մեր մարդկութիւնն ու մեր մարդկայնականութիւնը:
Այսպիսի մոլի ինքնաբաւութեամբ, եսախտով, դրամաղտով, հարստադիզումով հիւանդագին վարակուածները անմիջապէս զգուշացնելու է Յիսուսի այս ուղիղ եզրայանգումը.«Ահաւասիկ ի՛նչ կը պատահի անոր, որ ինքնիրեն համար գանձեր կը հաւաքէ` փոխանակ հարստանալու Աստուծոյ առջեւ» (Ղկ. 12, 21):
Այս ճշմարտութեան եւ իմաստութեան դիմաց` կ՛անդրադառնամ, թէ ո՛չ դիրքը կեանք է, ո՛չ դրամը կեանք է, ո՛չ հարստութիւնը կեանք է, ո՛չ միշտ նորը կեանք է, ո՛չ ուրիշէն տարբերը կեանք է, ո՛չ ուրիշէն աւելին կեանք է:
Այս ճշմարտութեան եւ իմաստութեան դիմաց` կ՛անդրադառնամ, թէ շրջապատը, մե՛ր շրջանակը, որուն մէջ կը կենցաղավարինք, ստէպ կը քողարկէ մեր կենսուղին, յաճախ կը ծածկէ նպատակը մեր կեանքին…
Մեզմէ իւրաքանչիւրին անմահացնող հարստացումն Աստուծո՛յ առջեւ եւ Աստուծո՛յ համար այսպէս միայն.«Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ ուժովդ եւ ամբողջ մտքովդ, ինչպէս ալ ընկերդ` քու անձիդ պէս» (Ղկ. 10,27), եւ այն` ոսկեղէն կանոնին մեր մշտատեւ գործադրումով. «Ի՛նչ բան կ՛ուզէք, որ մարդեր ընեն ձեզի, դուք ալ նո՛յնն ըրէք անոնց» (Ղկ. 6,31):
Այնճար, 26 Նոյեմբեր 2012

