Քաղաքացիական Հասարակութիւն. Ռազմավարութիւն Եւ Մարտավարութիւն

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Հետաքրքրութեամբ կարդացի գաղափարակից ընկերոջս` Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Քաղաքացիական հասարակութեան խոստումներն ու սահմանափակումները» խորագրով յօդուածը, որ վերջերս լոյս տեսած էր «Ասպարէզ»-ի, «Հայրենիք»-ի ու հաւանաբար նաեւ կարգ մը այլ թերթերու մէջ:

Յօդուածին առանցքը «Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը» ընդհանուր նիւթով համաժողովներու շարքին չորրորդն է: Այս համաժողովներուն նպատակը, ինչպէս շատ ճշգրտօրէն եւ մանաւանդ արդարօրէն կը բնութագրէ յօդուածագիրը իր յօդուածին սկիզբը, «հայ ժողովուրդի պատմական գործընթացի ներկայ հանգրուանն ու անոր հեռարձակումը ընթացիկ դարուն մէջ, քաղաքական հոլովոյթներու ընկալում-հասկացութեան, մեկնաբանում-բացատրութեան, ինչպէս նաեւ «ի՞նչ ընել» հարցում-յանձնառութեան յառաջդիմական գաղափարախօսութեան տեսադաշտին մէջ վերլուծելն է»:

Յօդուածագիրը իր արդար քննարկումը կը շարունակէ` ըսելով, որ այս նպատակին համար անհրաժեշտ էր այս համաժողովները վերածել Հայաստան-սփիւռք հանդիպման միջավայրի, ապա` «յառաջդիմութիւն» հասկացողութիւնը տեղաւորել 21-րդ դարու պայմաններու տրամաբանութեան մէջ եւ, վերջապէս, դասեր քաղել այլ ժողովուրդներու փորձառութենէն: Ան կը շարունակէ` ըսելով, որ նման նախաձեռնութեան մը կարիքը կը զգացուէր Հայաստանի ընկերային-տնտեսական կացութեան վերլուծումով ու այս կէտին վրայ կու տայ ճշգրիտ հիմնաւորումներ, ինչպէս` հարստութեան եւ իշխանութեան խիստ կեդրոնացում, հասարակութեան բեւեռացում` ունեցողներու եւ չունեցողներու առումով, կնոջ նկատմամբ բռնութիւն, միջավայրի վայրագ ու անխնայ կողոպուտ, սեռային անհանդուրժողութիւն, համատարած փտածութիւն (corruption, որ մեր համոզումով սոսկական կաշառակերութենէն շա՜տ աւելի համընդգրկուն երեւոյթ է):

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ապա կը նշէ, թէ 2008-9 տարիներուն տեղի ունեցան երկու իրադարձութիւններ, որոնք բեկումնային եղան: Առաջինը Հայաստան-Թուրքիա փրոթոգոլներն էին, իսկ երկրորդը` միջազգային ելեւմտական ճգնաժամը, որ մեր կարծիքով, ծայրայեղ դրամատիրական գաղափարախօսութեան հետեւանք է: «Կը թուի, թէ ի մասնաւորի առաջին իրադարձութիւնն ու անոր ժողովրդային հակազդեցութիւնը (…) ազգային հարցին կրկին բացարձակ առաջնահերթութիւն պիտի տար», բայց կը շարունակէ ան, այդպէս չեղաւ, որովհետեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան սառեցուց փրոթոգոլներու գործընթացը եւ երկրորդ, միջազգային ելեւմտական ճգնաժամի պայմաններուն տակ, Հայաստանի ընկերային-տնտեսական հարցերը խորացան, անոր վրայ բարդուեցաւ նաեւ արտագաղթի հարցը եւ այլն:

Փակագիծ մը: Այս վերջին կէտին շուրջ մեր կարծիքը տարբեր է, որովհետեւ կարելի չէ Հայաստանի իշխանութիւններու իշխանամոլութիւնը, իր բոլոր յոռի դրսեւորումներով, ընդհանուր պատկերէն դուրս հանել: Սակայն մեր բուն ըսելիքը այս չէ:

Այս բաժինը ամփոփելով` հաստատենք, որ անձնապէս գրեթէ ամբողջութեամբ կը բաժնենք «Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը» նիւթով խորհրդաժողովներուն հետապնդած ռազմավարական նպատակը, ինչպէս որ յօդուածագիր Խաչիկ Տէր Ղուկասեան իր յօդուածին մէջ բնութագրած է:

«Առ այդ,- կը շարունակէ յօդուածագիր ընկերս,- Հայերն ու յառաջդիմական քաղաքականութեան չորրորդ հանդիպման նախաձեռնողները ճիշդ ընտրած էին Հայաստանի անկախութեան 21 տարիներուն նուիրուած այս հանդիպման կիզակէտ դարձնել` հայրենի իրականութեան մէջ ծնունդ առած եւ զարգացած քաղաքացիական հասարակութեան յանձնառու հատուածներէ ներկայացուցիչներ»:

Հոս կը սկսի տարակարծութիւնս: Հետեւեալ պատճառներով:

 

ԱՌԱՋԻՆ.- Նշուած չորրորդ հանդիպման մասնակիցներու շարքին էր Հայաստանի մէջ գործող Pink կազմակերպութեան ներկայացուցիչը: Գաղտնիք չէ, որ սա միասեռականներու (արական եւ իգական) կազմակերպութիւն մըն է:

Անձնապէս զիս բացարձակապէս չի հետաքրքրեր, թէ ո՛վ իր ննջարանին մէջ ի՞նչ կ՛ընէ: Զիս բացարձակապէս չի հետաքրքրեր, թէ ո՞վ ի՛նչ տեսակի սեռային ճաշակի տէր է: Երբ հայկական հանրային-հասարակական-քաղաքական միջավայրի քննարկումը կը կատարենք, մեր չափանիշը պէտք է ըլլայ այն, թէ ո՛վ որքանո՞վ ներդրում կ՛ունենայ մեր կեանքի առողջ զարգացման ու բարգաւաճման մէջ. եւ սեռային ճաշակը գործ չունի հոս: Մէկը կրնայ միասեռական չըլլալ, սակայն կրնայ կատարեալ անպէտք ու նոյնիսկ վնասակար ըլլալ մեր հասարակութեան համար: Եւ հակառակը, միասեռական մը կրնայ լուրջ ներդրում բերել հայկական հանրային կեանքին` իբրեւ տնտեսագէտ, գիտնական, արուեստագէտ կամ քաղաքական գործիչ ու ա՛յդ իսկ պատճառով, իր բերած ներդրումին պատճառով, ան արժանի է իմ յարգանքին եւ համոզուած եմ, որ նաեւ բոլորի՛ն յարգանքին պէտք է արժանանայ:

Արաբական գրականութեան մէջ հսկաներ կան, որոնք ոչ միայն միասեռական եղած են (օրինակ` Ապու Նաուուաս), այլեւ իրենց ամբողջ գրական վաստակը միասեռականութեան թեմայով է: Սակայն արաբ բանասիրական միտքը զանոնք կը դասէ արաբական գրականութեան արժէքային համակարգին մէջ` պատուանդանի վրայ, յար եւ նման այլ մեծերու, որոնց մշակած գրականութիւնը էապէս հակադրուած է Ապու Նաուուասի սեռային-անձնական ճաշակին:

Վերջերս ի յայտ եկաւ, որ Սի. Էն. Էն.-ի ականաւոր լրագրողներէն Էնտըրսըն Քուփըր միասեռական է: Է՛, ուրեմն ի՞նչ ընենք, չլսե՞նք-չդիտե՞նք զինք, կամ` եթէ մինչեւ հիմա զայն չէինք դիտեր-լսեր, ասկէ ետք սկսինք մտիկ ընել ու հետեւի՞լ իրեն: Ի մէջ այլոց ըսեմ, որ ես Էնտըրսըն Քուփըրին չեմ հետեւիր հեռատեսիլին վրայ, որովհետեւ ան մաս կը կազմէ պալատական երգիչներու այն խումբին, որուն պարտականութիւնն է քարոզչութիւնը կատարել քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային այն գաղափարախօսութեան, որուն հետ ես իբրեւ դաշնակցական (եւ հետեւաբար նաեւ` իբրեւ համոզուած ընկերվարական) հիմնովին տարակարծիք եմ:

Այնպէս որ, նշեալ կազմակերպութիւնը բերել ու տեղաւորել յառաջդիմական մտածողութեան շրջագիծէն ներս, իր նպատակին չի ծառայեր` նուազագոյնը ըսելու համար:

 

ԵՐԿՐՈՐԴ.- Նոյն հանդիպման մասնակիցներու շարքին էր Հիւմըն Ռայթս Ուոթչ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը: Հոս եւս խնդիր կայ, որովհետեւ այս կազմակերպութիւնը այնքան սերտօրէն կը գործակցի Մ. Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հետ, որ հարցման նշաններ ստեղծած է:

Ամերիկեան անկախ վերլուծական կայքէջերէն counterpunch.org-ին մէջ առատ նիւթ կայ, ուր բացայայտուած են արտաքին գործոց նախարարութեան հետ նշեալ կազմակերպութեան կապերը: Բաւական է այս կայքէջի փնտռտուքի կոճակը սեղմել, եւ, voila, մեծ քանակութեամբ նիւթ պիտի երեւի ձեր համակարգիչներու պաստառին վրայ: Այդ կայքէջին վրայ գոյութիւն ունեցող կարգ մը տեղեկութիւններուն համաձայն, Հիւմըն Ռայթս Ուոթչը ոչ միայն սերտ կապեր ունի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ, այլ նաեւ քիչ մը աւելին:

Անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին, Հիւմըն Ռայթս Ուոթչը եւս մաս կը կազմէր Լիպիոյ նախկին նախագահ Մուամմար Քազզաֆիի դէմ Արեւմուտքին կողմէ շղթայազերծուած քարոզչական-քաղաքական պատերազմին` ամբաստանելով Լիպիոյ նախկին նախագահը մարդկային իրաւունքներու անասելի բռնաբարումներով: Այդ երգչախումբին նաեւ մաս կը կազմէր Արդարադատութեան միջազգային դատարանի (ԱՄԴ, ICJ) նախագահ Փիթըր Թոմքան եւս (ազգութեամբ սլովաք): Վերջինս Լիպիոյ հարցերու «տաք» օրերուն միջազգային մամուլին մէջ Քազզաֆին ամբաստանեց` ըսելով, որ ան իր զինեալներուն վիակրա կը բաժնէ, որպէսզի բռնաբարումներ կատարեն ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծեն ժողովուրդին մէջ: Քանի մը ամիս ետք ՄԱԿ-ի յանձնաժողովներէն մէկը, ի շարս բազմաթիւ անկախ լրագրողներու, երեւան հանեցին, որ նման բան չէ պատահած, սուտ է գլխաւոր դատաւոր Թրոմքային պնդումը: Սակայն Թրոմքա վստահաբար ոչ իսկ մէկ գիշեր իր քունը փախցուց իր բացայայտ սուտին համար:

Անցնող հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, գրեթէ մէկ ամիս, լիպիացի «յեղափոխական» զինեալներ պաշարման խիստ օղակի մէջ առին եւ անխնայ ռմբակոծեցին մայրաքաղաք Թրիփոլիի մօտակայ Պանի Ուալիտ քաղաքը (աղէտը ցարդ կը շարունակուի): Քանի մը հազար անմեղ քաղաքացիներ սպաննուեցան ու վիրաւորուեցան: Արեւմտեան մամուլին հետ քար լռութիւն պահեց նաեւ Հիւմըն Ռայթս Ուոթչը: Պարզ է, չէ՞:

ԵՐՐՈՐԴ.- Հանդիպման մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի մէջ գործող «Բաց հասարակութիւն» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը: Այս մէկը հայաստանեան մասնաճիւղն է ծագումով հունգարացի-հրեայ, այժմ ամերիկահպատակ միլիառատէր Ճորճ Սորոսի օփըն սոսայիթի կոչուած կազմակերպութեան:

Թէ՛ Վրաստանի «Վարդերու յեղափոխութեան» եւ թէ՛ Ուքրանիոյ «Նարնջագոյն» անուանուած յեղափոխութիւններու հիմնական ֆինանսաւորումը կատարուեցաւ Ճորճ Սորոսի կողմէ: Սորոս, բնականաբար եւ տրամաբանօրէն, այս քայլերը չէր կրնար առնել առանց արտաքին գործոց նախարարութեան կանաչ լոյսին, պնդումին, կամ պահանջին:

Եւ հիմա, «Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը» խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ճորճ Սորոսի կազմակերպութեան հայաստանեան մասնաճիւղին ներկայացուցիչը: Չերկարենք:

Կա՛րճ, նշեալ թեմայով խորհրդակցութեան ռազմավարական նպատակը, ինչպէս բանաձեւած է Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, աւելի քան դրական է, գովելի ու քաջալերելի: Նոյնը դժուար է ըսել զայն իրագործելու կոչուած մարտավարութեան մասին` նշեալ երեք հիմնաւորումներով:

 

Նոյեմբեր 21, 2012
[email protected]

 

Share this Article
CATEGORIES