Անդրադարձ. Չարենցեան Ընթերցումներ
Ս. Պ.
Անմահանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 115 եւ մահուան 75-ամեակին նուիրուած յիշատակի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ 28 նոյեմբեր 2012-ի երեկոյեան, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակոյթի կեդրոնի «Գ. Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Ներկայ եղան գրասէրներ եւ Չարենցի յիշատակը յարգողներ: Ակնկալելի էր, որ ներկայ ըլլային նաեւ հայոց լեզուի, հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներ:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Սիլվա Քիւրքճեան` նշելով ձեռնարկին նպատակը: Չարենցին մեծադիր նկարը իբրեւ հովանաւոր ներկայութիւն էր լուսապատկեր պաստառին վրայ, ուր երեւցան նաեւ Չարենցի գրականութեան հետեւած եւ մեկնաբանած հայրենի գրողներ եւ գրականագէտներ, որոնք կատարած էին բանաստեղծին արուեստին մեկնաբանական եւ վերլուծական աշխատանքները:
Յայտագիրը կը բաղկանար Ե. Չարենցի բանաստեղծութիւններուն ներկայացումով Զարուկ Պօշնակեան արտասանեց «Գովք Հայաստանի», Յակոբ Թաշճեան` «Սայաթ Նովային», Արզնի Արսլանեան` «Հայաստանին», Գարին Գանտահարեան` «Մօրս համար գազել», Մեղրի Պետրոսեան` «Մահուան տեսիլ» բանաստեղծութիւնները:
Վարանդա Եագուպեան երգեց «Ես իմ անուշ Հայաստանի»-ն: Չարենցի բանաստեղծութեան ամփոփ վերլուծումը եւ անոր միջազգային արժէքը մատնանշող արժեւորումով հանդէս եկաւ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան` առանձին յատկանիշներ ներկայացնելով նահատակ բանաստեղծին քերթողական տաղանդը` զայն որակելով «Ամբողջական բանաստեղծ»:
Չարենց հանճարեղ բանաստեղծի անզուգական տաղանդը գովերգելով, աւարտին, Ս. Կիրակոսեան բացատրութիւն մը տուաւ Չարենց կեղծանունի ծագումին մասին` ըստ բանաստեղծին փոխանցած տեղեկութեանց, իր գրչակիցներուն:
Յայտագրին վերջին մասով Սեդա Ունճեան-Խտըշեան ներկայացուց Չարենցի «Ամենապոէմ» երկարաշունչ երկը` ընթերցանութեամբ: Այս գործը Չարենցին տպաւորութիւնն է պատերազմի թոհուբոհին մատնուած ժողովուրդի կեանքէն: Այս ընթերցանութեամբ կը դրսեւորուէր բանաստեղծին հոգեկան տագնապը «պատերազմ» արհաւիրքին նկատմամբ:
Տաղանդաշատ բանաստեղծին յիշատակին նուիրուած արժանի հանդիպում մը, որ իր յուզականութեամբ եւ թելադրականութեամբ տպաւորեց ներկաները: Այս ձեռնարկով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը քաջալերեց արտասանելու, ասմունքի արուեստին հետեւելու աշակերտներու շնորհները: Յայտագրին մասնակցողները աշակերտներն էին «Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա» քոլեճին եւ Համազգայինի Հ. եւ Մ. Արսլանեան ճեմարանի:

