Այնճար Հայաւանի Հսկան «Արեւ» Ճաշարանը
Հարցազրոյցը վարեց` ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ
Շուրջ տասը տարիներ առաջ Այնճար հայաւանի դիմագիծը սկսաւ փոխուիլ շնորհիւ «Արեւ» ճաշարանին: Անոնք, որոնք Այնճարի ճամբան չէին գիտեր, «Արեւ» ճաշարանին պատճառով սկսան ծանօթանալ գիւղին, հոգ չէ թէ` յաճախ միայն իր ծայրամասով, այնքան մը, որ անոնք, որոնք Այնճարը ո՞ւր է կը հարցնեն, պատասխանը կ՛ըլլայ «Արեւ» ճաշարանի մօտ: Երբեմն յաճախորդները մինչեւ Այնճարի ակի մօտ եղող ճաշարանները կը հասնին ու կը փնտռեն «Արեւ» ճաշարանը:
Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ո՞ւր է գաղտնիքը ոչինչէն սկսած ու այդքան մեծ համբաւի տիրացած ճաշարանի մը, որ կը դողացնէ Զահլէի Ուատիի գետեզերքի հռչակաւոր դարձած ճաշարանները: «Արեւ»-ի համբաւը այսօր տարածուած է ամբողջ Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն դուրս շրջակայ երկիրներ` Սուրիա, Յորդանան եւ այլ արաբական երկիրներ` շնորհիւ ամենակարող համացանցին: Այս գաղտնիքին որոշ ծալքերը պարզելու համար օր մը հարցազրոյցի նստանք «Արեւ» ճաշարանի պատասխանատու եւ տնօրէն Յովիկ (Յովհաննէս) Զէյթլեանին հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Սիրելի՛ Յովիկ, կարելի՞ է որոշ տեղեկութիւններ տալ ոչինչէն սկսած եւ այնքան մեծ հռչակի տիրացած «Արեւ» ճաշարանին մասին: Լսած ենք, որ հայրդ` Պօղոսը, 1950-ական թուականներուն «պուշար» կը ծախէր Պէյրութի Ուաթուաթ թաղին մէջ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մեծ հայրս` Ճեպել Մուսայի խըտըրպեկցի Յովհաննէս Զէյթլեանը, խոհարար եղած է Թրիփոլի «Այ. Փի. Սի.» ընկերութեան մէջ: իսկ երեք հօրեղբայրներս Միացեալ Նահանգներու մէջ հացի փուռեր ունեցած են: Հայրս` Պօղոսը, Այնճարի մէջ 70-ական թուականներուն ունէր նպարեղէնի արտադրութիւններու մեծաքանակի կեդրոն մը` «Օքազիոն» անունով, որուն կողքին ունէինք նաեւ փուռ մը: Լիբանանեան ներքին պատերազմին պատճառով հօրս գործը սկսաւ տկարանալ, որովհետեւ գիւղէն դուրս յաճախորդները դժուար թէ կարենային հասնիլ: Մօրենական մեծ հօրս` խըտըրպեկցի Սերոբ Չամուրլեանի քաջալերանքով եւ օգնութեամբ, հայրս կը գնէ Այնճարի մուտքին, այժմու «Արեւ» ճաշարանի 4500 քառ. մեթր տարածութեամբ հողը: Փոքր սրահի մը մէջ քանի մը սեղաններ եւ աթոռներ զետեղելով` սկսանք աշխատանքի: Գործի լծուած էին, ընտանիքին բոլոր անդամները, հայրս` Պօղոսը, մայրս` Վարդուհին, մօրս մայրը` Պայծառը, որ խմորեղէններու պատրաստութեան մասնագէտ էր: Քոյրս` Մարինէն, եղբայրս` Յարութիւնը եւ ես փոքր էինք: Ցերեկին դպրոց յաճախելով իսկ գիշերները եւ արձակուրդի օրերը ճաշարանին օգնելով` կրցանք մեր ուսումը հասցնել մինչեւ պաքալորէայի վկայականին: Կամաց-կամաց գործը սկսաւ ընդարձակուիլ: Հետագային ընտանիքի անդամներուն վրայ աւելցան գործաւորներ: Երբ մեծցանք, դարձանք երիտասարդ, գործի մէջ առաջնորդողի դերը վերցուցինք: Միայն 1985-ին է, որ ճաշարանը իր «Արեւ» անունով կնքուեցաւ: Գործին մէջ միշտ նորութիւններ մտցուցինք: Իսկ խոհանոցին մաքրութեան եւ կահաւորումին մեծ կարեւորութիւն կու տանք: Մեզի համար յաճախորդը միշտ իրաւունք ունի, ուտելիքին որակը եւ յարմար գիները, ճաշատեսակի բազմազանութիւնը, արագ սպասարկութիւնը մեր յաջողութեան գաղտնիքներն են: Պէտք չէ մոռնամ ըսելու, թէ մեր յաջողութեան կարեւոր ազդակներէն մին ալ ընտանեկան համերաշխութիւնն ու գործակցութիւնն է: Հայր , մայր, քոյր, եղբայրներ, հարսեր, սիրով ու համբերութեամբ իրարու կողքին ենք:
Հ.- Յաճախորդները ընդհանրապէս ո՞ր շրջանէն կու գան:
Պ.- Հետաքրքրական հարցում մըն է: Սկիզբը Պեքայի շրջանէն կ՛ըլլային յաճախորդները, կարեւոր դեր խաղաց Այնճարի մէջ գոյութիւն ունեցող պատմական բերդաքաղաքը, որ օրական Լիբանանէն եւ շրջակայ երկիրներէն այցելուներ կ՛ունենայ: Այնճարի մուտքին մեր ունեցած բարձրորակ սպասարկութիւնը կը քաջալերէր զբօսաշրջիկները, որ յաճախեն մեր ճաշարանը: Անոնք, որոնք անգամ մը կ՛այցելեն, կրկին կու գան` այս անգամ բերելով նաեւ իրենց բարեկամները: Համակարգիչը սկսաւ մեծ դեր խաղալ, մարդիկ տարբեր քաղաքներէ ու երկիրներէ համակարգիչի միջոցով կանխօրօք իրենց տեղերը կ՛ապահովեն: 2008-ին ունեցանք երկու գոց սրահներ` զովացուած եւ ձայնարգելով, խրախճանքի եւ հարսանիքի համար, իրենց գրաւիչ կահաւորումով ու լուսաւորումով: Անոնք «Արեւ» ճաշարանին նոր համբաւ տուին: Ամէն տեսակի յաճախորդներու գոհացում կու տանք. կարելիութիւն ունին անոնք, որոնք ճաշարան կ՛ուզեն նստիլ, անոնք, որոնք կ՛ուզեն ճաշը առնել ու իրենց հետ տուն տանիլ եւ անոնք, որոնք ի վիճակի չեն ճաշարան նստելու, բայց կ՛ուզեն հոն ճաշել, ճաշարանէն դուրս մայթի վրայ իրենց համար սեղաններ դրուած են, զորս կրնան օգտագործել առանց յաւելեալ ծախսի:
Կառատուները մինչեւ 1000 ինքնաշարժի համար տեղ ունին:
Մեզի համար շատ կարեւոր է գիւղին ապահովական վիճակը:
Հ.- Մինչեւ քանի՞ հոգիի կրնաք սպասարկել նոյն ատեն:
Պ.- Մինչեւ 2000 հոգիի:
Հ.- Ձեր օգտագործած հում նիւթերուն` մսեղէն, բանջարեղէն, պտուղներ, որքա՞ն մասը կը ստանաք Այնճարի բերքերէն:
Պ.- Ամրան եղանակին մեր կարիքներուն 30 առ հարիւրը կ՛ապահովենք գիւղին բերքերէն, բայց ձմրան եղանակին այդ քանակը կը պակսի:
Հ.- Ճաշարանը գիւղի մուտքին ըլլալով` դուրսէն եկած յաճախորդներուն համար դիւրամատչելի է, բայց նոյն ատեն գիւղին մէջ ըլլալով` իր անպատեհութիւնները ունի շրջակայ տուներու բնակիչներուն համար: Մինչեւ ուշ գիշեր` երաժշտութեան բարձր ձայնը, ճաշերու հոտին տարածուիլը շրջանին մէջ, աղմուկը, երթեւեկը: Դուք ի՞նչ միջոցներու դիմած էք այդ անպատեհութիւնները նուազագոյնի իջեցնելու համար:
Պ.- Դիւրազգաց հարցի մը վրայ կը դնէք ձեր մատը: Բաւական բարդ խնդիր մըն է: Գործը մեծնալով` հարցերն ալ կը մեծնան: Ձայնի վերաբերեալ, ինչպէս նախապէս յիշեցինք, երկու սրահներ ունինք, որոնք ձայնարգելով օժտուած են: Բաց սրահներու պարագային անոնցմէ եկող ձայնը նուազագոյնի կ՛իջեցնենք: Իսկ առաւօտեան ժամը 1:00-էն ետք երաժշտութիւնը ամբողջութեամբ կ՛անջատեն:
Ինչ կը վերաբերի ճաշերու հոտի տարածումին, անոնց համար ալ զօրաւոր հովահարներ եւ բարձր խողովակներ կը գործածենք` կարելի եղածին չափ հոտերը դէպի բարձրերը ղրկելու համար:
Հ.- «Արեւ» ճաշարանին մեծնալը ի՞նչ ձեւով կ՛ազդէ գիւղին ակին շուրջ գտնուող ճաշարաններու գործունէութեան վրայ:
Պ.- Ջուրին ակին շուրջ ճաշարանները ունին առաւելութիւն մը, որ մենք չունինք, հոն ճաշարանները շրջապատուած են գեղեցիկ անտառներով եւ ջրառատ գետով: Առաւելութիւն մը, որ յաճախ յաճախորդը կը գնահատէ: Միւս կողմէ` մրցակցութիւնը առիթ կու տայ, որ այդ ճաշարաններն ալ իրենց սպասարկութեան որակը բարձրացնեն եւ գիները մատչելի դարձնեն:
Հ.- Կրնա՞ք աշխատաւորներու կազմի մասին գաղափար մը տալ:
Պ.- Մեր աշխատաւորներուն թիւը գործի ամէնէն խճողուած օրերուն կը հասնի մինչեւ 200 հոգիի: Անոնք կու գան շրջակայ գիւղերէն, արաբներ են: Գործին ղեկավարութիւնը ընտանիքի անդամներուն ձեռքն է: Ունինք հայ պաշտօնեաներ, որոնցմէ մաս մը գրասենեակին մէջ կ՛աշխատի, ուրիշներ` ճաշարանին համար կ՛ապահովեն պէտք եղած նիւթերը: Հայ պաշտօնեաներուն թիւը 10-էն աւելի չէ:
Հ.- Գիւղի բնակչութիւնը որքանո՞վ կ՛օգտուի «Արեւ» ճաշարանի գործունէութենէն:
Պ.- Ինչպէս նախապէս յիշեցի, մեր հում նիւթին 30 առ հարիւրը կը գնենք գիւղի արտադրութիւններէն: Դժբախտաբար գիւղը այն մարդուժը չունի, որպէսզի օգտակար ըլլայ ճաշարանի աշխատանքին, այդ պատճառով գործաւորներու աշխատավարձերը որեւէ ձեւով գիւղին օգտակար չեն կրնար ըլլալ: Բայց մենք անուղղակի օգտակարութիւն կ՛ունենանք` մասնակցելով գիւղի ձեռնարկներուն, նիւթապէս օժանդակելով անոնց: Նոյնպէս կ՛օգնենք գիւղի բարեզարդման ու նաեւ ծրագիր ունինք գիւղի ամենաուշիմ ուսանողը հասցնելու բարձրագոյն կրթութեան վկայականին:

