Գեղատեսիլ Այնճարն Ու Ոսկերչական Արուեստը

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցին (լուսանկարը` Հերակ Հերկելեանի)

«Ազդակ»-ի մեր աշխատակիցներէն տոքթ. Մ. Ս. Հերկելեան առաջարկ ստացած է Հայ ոսկերիչներու կազմակերպութեան` «AJA»-ի գործադիր տնօրէն տիար Արտակ Ուտումեանէն` աշխատակցելու նաեւ Հայ ոսկերիչներու Կազմակերպութեան անգլիատառ պաշտօնաթերթին` «AJA» պարբերականին:

Աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուելու իր ծիրին մէջ Ա. Ուտումեան` այցելած էր նաեւ Այնճար հայաւանը եւ խորհրդակցական զրոյց ունեցած տեղուոյն հայ վարպետ ոսկերիչներու հետ: Առ այդ, «AJA» պարբերականի առաջին յօդուածը կը նուիրուի Այնճարին:

Ստորեւ կու տանք անոր բնօրինակը:

Շատեր զարմանքով, հիացումով ու մեծ տպաւորութիւններով կը մեկնին Այնճար հայաւանէն ոչ միայն անոր համար, որ մաքուր, զարգացած ու բարգաւաճ գիւղաքաղաքի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ, այլ` յատկապէս անոր համար, որ իր զուտ հայկական բնակչութեամբ ու կազմակերպուածութեամբ, իր նմանը չունի ամբողջ սփիւռքի տարածքին:

1939-ին, երբ մուսալեռցիք, հարկադրաբար լքեցին իրենց պապենական հողերն ու տեղափոխուեցան հոս` Այնճար, սողուններով, տատասկներով, մլուկներով ու մժեղներով լեցուն ճահիճ մըն էր այս վայրը, ուր դարերու ընթացքին չէին կրցած բնակութիւն հաստատել բնիկ լիբանանցիները: Մուսալեռցիք եկան, մաքրեցին, տեղաւորուեցան, շինեցին ու շէնցուցին այս ճախճախուտները, ուր այսօր իւրաքանչիւր տարի կ՛այցելեն բազմահազար զբօսաշրջիկներ, որոնք կը վայելեն Այնճարի մաքուր օդը, զուլալ ջուրը, տեսարժան ու պատմական վայրերն ու առհասարակ տակաւին չխաթարուած բնաշխարհը, ինչպէս նաեւ` մուսալեռցիներու ասպնջականութիւնը, որոնք մինչեւ հիմա կը պահեն իրենց ազգային աւանդութիւնները, կենցաղն ու բարքերը, իրենց նշանաւոր տաւուլ-զուռնայով միասին:

Շնորհիւ Հայաստան ուսանած շարք մը ճարտարապետներու (Վարուժան Մարտիրեան, Կարօ Անտոնեան, Հրակ Ստամպուլեան) եւ մուսալեռցիներու աւանդապաշտ ազգային ոգիին` այսօր Այնճար գիւղաւանը իր կառուցողական ոճով ունի ազգային դիմագիծ ու նկարագիր ու կը տարբերի իր շրջապատէն: Տարածութիւնն է 18,000 քառակուսի մեթր: Թէեւ մնայուն  բնակչութիւնը շուրջ երեք հազար մարդ կը հաշուէ, սակայն ամրան եղանակին առնուազն կը կրկնապատկուի այս թիւը, եւ գիւղի կեանքը կ՛աշխուժանայ ու կը բարգաւաճի:

Գիւղաւանը շրջապատուած է բանջարանոցներով ու պարտէզներով, ուր առաւելաբար կը մշակուին խնձոր, խաղող, տանձ, ծիրան, սալոր եւ այլ տեսակի պտուղներ: Վերջին տասնամեակներուն, երիտասարդներէն շատեր չբաւարարուելով բանջարաբուծական, պտղաբուծական եւ կամ անասնապահական գործերու եկամուտներով` դարձան արհեստաւորներ եւ իրենց արհեստը բարձրացուցին արուեստի մակարդակի, յատկապէս` ոսկերչութեան մէջ:

Այս վերջինը պատահական երեւոյթ չէր, որովհետեւ մուսալեռցին ունէր հարուստ աւանդ եւ փորձառութիւն կիրառական արուեստներու մէջ: Մուսալեռցին, ականաւոր գիտնականններու, քաղաքական գործիչներու եւ կամ կրօնաւորներու կողքին, տուած է նաեւ տարբեր տեսակի արուեստագէտներ ու արձանագրած` շօշափելի նուաճումներ: Ինչպէս, գրողներէն կրնանք յիշել` Եդուարդ Պոյաճեանը, Պօղոս Սնապեանը եւ Պետիկ Հերկելեանը: Երաժիշտներէն` Պարգեւ Թասլաքեանը, Զաքար Քէշիշեանը եւ Գէորգ Հաճեանը, երէց կերպարուեստագէտներէն` Ժան Գազանճեանը, հայր Յարութիւն Պզտիկեանը եւ Գեղամ Թազեանը: Երիտասարդներէն` Օվսէ, Գօգօ Սգայեան եւ Աղասի:

Ոսկերիչներու պարագային, անոնք շատ են թէ՛ քանակով եւ թէ՛ որակով: Գերդաստաններէն շատեր տուած են մէկէ աւելի ոսկերիչներ, ինչպէս` Շեմմէսեան, Քերթէշեան, Շաննագեան, Հերկելեան, Թասլաքեան, Աշգարեան, Սգայեան,  Անտոնեան, Հանտեան, Քենտիրճեան,  Գապաքեան, Փամպուքեան, Պօղիկեան, Տումանեան, Ադամեան, եւ այլն:

Այնճարի ոսկերիչները փնտռուած են ոչ միայն անոր համար որ հմուտ են, բծախնդիր ու աշխատասէր, այլ յատկապէս անոր համար, որ ունին արուեստագէտի խառնուածք, ստեղծագործ միտք եւ բարձր ճաշակ:

Տանք երկու օրինակ միայն:

Ա.- Սարգիս Նաշալեան

Նմուշ մը` Սարգիս Նաշալեանի ստեղծագործութիւններէն

Բախտը ունեցած է աշակերտելու Հրայր Ծերունեանի նման վարպետի մը, որ Պոլիսէն իրեն հետ Պէյրութ բերած էր բիւզանդական ոսկերչական լաւագոյն աւանդներն ու փոխանցած` իր արժանաւոր աշակերտներուն, որոնց շարքին նաեւ` Սարգիս Նաշալեանին: Իսկ արուեստագէտի խառնուածք ու ստեղծագործ միտք ունեցող երիտասարդը, իր հերթին զարգացնելով ու կատարելագործելով իր վարպետէն ստացած գիտելիքները, կը միախառնէ զանոնք մերօրեայ միջազգային նուաճումներուն ու ճաշակին` կերտելով իր ոճն ու արտայայտչաձեւը, որ որոշ չափով թարմութիւն եւ նորութիւն կը բերէ առհասարակ գոհարեղէնի անդաստանէն ներս: Եւ պատահական չէ, որ ան այսօր փնտռուած անուն մըն է Արեւելքի լաւագոյն ոսկերչական հիմնարկներու եւ ընկերութիւններու մօտ:

 

 

Ձեւաւորում` Սարհատ Աբրահամեանի

Բ.- Սարհատ Աբրահամեան

Թէեւ ոսկերչական արհեստին տիրացած է գիւղին` Այնճարի մէջ, սակայն ստանալով գեղանկարչական անձնական դասեր յատուկ ուսուցիչի մը մօտ` ան ինքնաշխատութեամբ կը զարգացնէ իր ձեւաւորողի (տիզայնըր) շնորհքը եւ նոյնպէս կը դառնայ փնտռուած անուն մը արաբական աշխարհի մէջ, այս անգամ` իբրեւ ձեւաւորող: Ան նոյնիսկ 2001 թուին կը մասնակցի համարաբական Միջին Արեւելքի մրցոյթ-ցուցահանդէսին եւ կ՛արժանանայ երրորդ մրցանակի:

Այսպէս, այնճարաբնակ մուսալեռցի ոսկերիչներ թէ՛ քանակով շատ են եւ թէ՛ որակով բարձր. եւ այս է պատճառը, որ բազմաթիւ ընկերութիւններ իրենց հայեացքը կ՛ուղղեն դէպի այս հայաւանը եւ բաւարարուած դուրս կու գան անկէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES