Կեանքի Անբացատրելի Երեւոյթներ «Կատաղի» Մայրեր Կրնան Առարկել, Սակայն Կարելի Չէ «Պատրաստել» Մանուկ Հանճար Մը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«Կատաղի» մայրեր կը բնորոշուին իբրեւ «վագր մայրեր»….

ՈՒՐԲԱԹ ՕՐՈՒԱՆ ԹԻՒՈՎ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԷԻՆՔ «ՏԻ ՕՊԶԸՐՎԸՐ» ԹԵՐԹԷՆ ՔԱՂՈՒԱԾ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԷՐ ԱՆՁԵՐՈՒ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՐ, ԹԷ ԾՆՈՒՆԴԻ ԵՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ Է ՄԱՆՈՒԿ ՏԱՂԱՆԴՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ: «ՏԸ ՍԹԷՅԹՍՄԷՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵԼԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՆՁՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ՄԸ:

Ամբողջութեամբ սխալ հասկցած ենք մանուկ հանճարի գաղափարը: Մենք մեզ կը խաբենք` մտածելով, թէ կարելի է ուսումնասիրել բացառիկ կարողութեան գաղտնիքները եւ զանոնք կիրարկել այլ տեղեր` նոյն արդիւնքը ստանալու համար: Որքան աւելի շատ բան գիտնանք գերազանց կատարողութիւն ցուցաբերող անձերու մասին, այնքան աւելի յստակ կը դառնայ մեզի համար, թէ գոյութիւն ունի միայն մէկ տիեզերական յատկանիշ. նման անձեր բոլորն ալ տարբեր են: Հզօր կարողութիւն մը սնուցելու գաղտիքը կարելի չէ վերծանել գիտութեան միջոցներով: Անիկա կը թեւածէ արուեստի եւ խորհրդաւորութեան միջեւ տեղ մը:

Նոյեմբերը նպաստաւոր չէր «կատաղի» մայրերու (թայկըր մատըր) համար, եւ հաւանաբար բազմաթիւ աննպաստ ամիսներ պիտի յաջորդեն: Փոլ Թաֆ իր «Հաու չիլտրըն սաքսիտ» վերնագիրով գիրքին մէջ կը հետազօտէ այն հսկայական վտանգները, որոնք կը յաջորդեն բարձր նիշեր ապահովելու մարմաջով կիրարկուած խստութեան` ի գին մարդկային վնասներու: Իսկ Էնտրու Սոլոմոն մանուկ հանճարներու նուիրուած իր նոր գիրքին` «Ֆար ֆրամ տը թրի» ուսումնասիրութեան մէջ կը ջրէ այն երեւակայական գաղափարը, թէ տաղանդը կարելի է ստեղծել` կիրարկելով յատուկ յանձնարարական մը:

Սոլոմոնի նախորդ գիրքը` «Տը նունտէյ տիմըն» հոգեկան ընկճուածութեան խորաթափանց ուսումնասիրութիւն մըն էր: Տեղեկագրութեան, մարդկայնութեան եւ պերճախօսութեան նմանօրինակ մէկտեղում մը կը տեսնենք «Ֆար ֆրամ տը թրի» գիրքին մէջ: «Թէեւ ճիշդ է, որ ծնողներ ծանր ճնշումի տակ կը դնեն իրենց զաւակները եւ հոգեկան անկում կը պատճառեն անոնց, սակայն այլ ծնողներ չեն քաջալերեր իրենց զաւկին խանդավառութիւնը` յատուկ շնորհ մը զարգացնելու, եւ զայն կը զրկեն կեանքի միակ ձեւէն, զոր հաճոյքով պիտի ապրէին անոնք», կը գրէ ան:

Լաւագոյնը Քաղելու Մեթոտը

Այլ խօսքով` դատողութիւնը միշտ ալ կը գերազանցէ տեսութիւնը: «Աստիճանաբար անդրադարձայ, թէ ծնողներ ենթադրութիւններով կ՛առաջնորդուին` իրենց զաւակները դաստիարակելու մէջ», կ՛եզրակացնէ Սոլոմոն: Ճիշդ ժամանակին կը կատարուի այս միջամտութիւնը, որովհետեւ աւանդական մտածելակերպի երկու ուղղութիւններ միացած են յաւելեալ կշիռ տալու համար այն գաղափարին, որ եթէ իրենց զաւակները խթանող ծնողներ որդեգրեն յարմարագոյն տեսութիւնը, ապա կրնան իրենց զաւակները ձեւաւորել իրենց ակնկալութիւններուն համաձայն:

Առաջին ուղղութիւնը կազմաւորումի հոգեբանութեան գերակայութիւնն է: Սոլոմոն կը նկարագրէ «այն ընդհանրացած համոզումը, թէ մանուկի մը ապագան կարելի է հունաւորել` անոր նորածին մատները բարձր սանդուխներու վրայ դնելով»: Ոեւէ մէկը, որ ծանօթ է Լոնտոնի կամ Նիւ Եորքի վերնախաւի շրջանակներուն պատկանող ծնողներու, վստահաբար ականատես եղած է կանուխ տարիքէն իրենց զաւակները բարձր իրագործումներու առաջնորդելու անոնց խելայեղ մարմաջին: Ասիկա ոչ միայն սխալ է, այլ նաեւ` սարսափելի: Երբ կենսաբան Ի. Օ. Ուիլսընի հարց տրուած է, թէ ի՞նչ է մանուկներու կազմաւորումին մեծագոյն խոչընդոտը, ան պատասխանած է` «միջին խաւի անբան եւ աննպատակ մայրը» (սաքըր մամ), որ դպրոցէն ետք մարզանքի փորձերու կամ այլ զբաղումներու երկար ցանկ մը կը պատրաստէ իր զաւակներուն համար:

Մարմաջ մը կայ գիտնալու, թէ մեր երեքուկէս տարեկան զաւկին կարողութիւնները որքա՛ն լաւ են. ժողովրդային գիտութեան գիրքեր, որոնք կը խոստանան մանուկները մեծ նուաճումներու առաջնորդելու գաղտնիքը, կը սրեն այս մարմաջը: Այս գրականութիւնը ոչ մէկ բան կ՛ըսէ մեզի հանճարի մասին, սակայն շատ բան` մեր անձին: Իմացական գերակայութեան կեղծ գաղափարաբանութեան համաձայն, հանճարը կարելի է վերածել տարազի, զոր կրնայ կրել ոեւէ մէկը: Կարելի չէ ճանչնալ զայն, բացի եթէ ընտելացուած է եւ վերածուած` վաճառելի բանի մը:

Լաւագոյնը քաղելու մեթոտին ջատագովները այն հեղինակներն են, որոնք վճռած են «վերծանել» հանճարը եւ հրապարակել ուղեցոյց մը` ապագայ մեծութիւններու համար: Այստեղ կը ներկայացնենք երկու օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան լաւագոյնը քաղելու մեթոտին անպատեհութիւնները:

Մինչեւ վերջերս տղամարդոց թենիսի աշխարհին մէջ գլխաւոր մրցակցութիւնը կը մղուէր Ռաֆայէլ Նատալի եւ Ռոժէ Ֆետերերի միջեւ: Ասիկա մարզական աշխարհի պատմութեան մէջ արձանագրուած մեծագոյն մրցակցութիւններէն մէկն էր: Իսկ հիմնական կէտը հետեւեալն է. թէեւ այս երկու երիտասարդները բացառիկ մարզիկներ են, սակայն հասակ նետած են բոլորովին տարբեր միջավայրերու մէջ:

Նատալի ծնողները Ռաֆայէլի թենիսի մարզումը վստահած են անոր հօրեղբօր` Թոնիի: Դաժան ու խիստ Թոնի ֆիզիքական եւ իմացական կարողութեան առաւելագոյնը պահանջած է պատանի Ռաֆայելէն: Նոյնիսկ այսօր, հակառակ Կրանտ Սլամի 11 մրցաշարքերու ախոյեանութիւնը շահելուն, Նատալ կը խաղայ հալածական կեդրոնացումով. կարծէք կը վախնայ, որ պիտի պատժուի, եթէ հրաժարի հետապնդելէ կորսուած առիթները:

Ինչպէս Նատալի պաշտօնական կենսագրութեան հեղինակ Ճոն Քարլին կը նկարագրէ, երբ Ռաֆայէլ հասակ կը նետէր, անոր ընտանիքին անդամները խորապէս մտահոգ էին, թէ մանչուկին հօրեղբայրը թերեւս կը քայքայէր զայն: «Ռաֆայէլի մօր պարագային` մտավախութիւնը երբեմն տեղի կու տար զայրոյթի… Իսկ կնքահայրը այնքա՛ն յառաջ գացած էր, որ ըսած էր, թէ պատանիին նկատմամբ Թոնիի վարմունքը համազօր էր «մտային վայրագութեան»», կը գրէ Քարլին:

Կարելի չէ անտեսել այն տրամաբանութիւնը, թէ Նատալի դաստիարակութիւնը կը կրէր մեծ վտանգ մը: Թոնի իր գրաւը դրած էր այն համոզումին վրայ, թէ իր եղբօր զաւակը կրնար տոկալ արտասովոր ճնշումի: Սակայն Ռաֆայէլ կրնար օր մը ընկճուիլ: Այն իրողութիւնը, թէ վտանգաւոր վիճակը վերջ գտած էր յաջողութեան կերտումով, չի նշանակեր, թէ ինքնին վտանգը գոյութիւն չունէր:

Այժմ բաղդատութիւն մը կատարենք Ֆետերերի պատմութեան հետ: Ան 17 անգամ շահած է Կրանտ Սլամի ախոյեանութիւնը: Մարզական իրադարձութիւններու խմբագիր Եոն Վերթհայմ իր «Սթրոքս աֆ Ճինիըս» գիրքին մէջ հետեւեալ ձեւով կ՛ամփոփէ Ֆետերերի ընտանիքին ներգործութիւնը. «Անոր ծնողները երբեք չէին խթաներ. ընդհակառակը, կը փորձէին սանձել: Եթէ երբեք կը ճնշէին անոր վրայ, ապա` միայն յորդորելու համար, որ շատ լուրջ հետաքրքրութեան առարկայ չդարձնէր թենիսը: Փոխանակ իրենց զաւկին աստուածատուր շնորհը ուռճացնելու կրքոտ ձգտումներով եւ խիստ մարզումներով, ֆետերերները շեշտը կը դնէին հաճոյքի վրայ: Փոխանակ իրենց զաւկին զգացնելու, թէ ինք իւրայատուկ էր, ֆետերերները ամէն ճիգ կը թափէին անոր հետ վարուելու այնպէս, ինչպէս իրենց միւս զաւկին` Տայայի հետ եւ` տարբերութիւն չդնելու»:

Նատալները կը փորձէին ընդարձակել սահմանները: Ֆետերերները կը շղթայազերծէին «բնականին վրայ անխնայ յարձակում մը»: Ախոյեաններ սնուցելու եւ դաստիարակելու առումով` երկու մօտեցումներն ալ հաւասարապէս անմեղ են: Մարդկային առումով` երկու մարզիկներն ալ մեծ համակրանք կը վայելեն: Գոյութիւն չունի «ճիշդ» մօտեցում մը: Անիկա կախեալ է մանուկին նկարագիրէն:

Պատահական Ընտրութիւն

Երբեք պիտի չկարենանք գիտնալ, թէ ի՛նչ բան պատճառ կը դառնայ, որ զատորոշուին կարգ մը տղամարդիկ եւ կիներ: Այս անորոշութիւնը ունի երկու տարբեր կողմեր: Առաջին` կայ ներհուն տաղանդի, ծնունդի հետ փոխանցուած բնատուր շնորհի հարցը: Ապա մեծութեան այս երեւոյթը կը հանդիպի դաստիարակութեան կամ սնուցումի հարցին, զոր նոյնպէս կարելի չէ բացատրել գիտական միջոցներով: Դժուար է ճանչնալ եւ բնորոշել եզակի տաղանդը, իսկ զայն որեւէ ձեւով օգտագործելու գիտակցութիւնը ունենալը շատ աւելի դժուար է:

Մարդկութիւնը կը պարզէ ոչ միայն խառնափնթոր եւ խճճուած, այլ նաեւ պատահական պատկեր մը: Վստահաբար բազմաթիւ մանուկ տաղանդներ չեն յաջողած ի գործ դնել իրենց կարողութիւնները` իրենց աննպաստ միջավայրին պատճառով: Վստահաբար նաեւ բազմաթիւ մանուկներ, որոնք կը վայելեն ընկերային եւ տնտեսական առաւելութիւններ, կքած են անխնայ մարզումներու ճնշումին տակ կամ տաղանդը չունին օգտուելու անոնցմէ: Կարելի չէ նաեւ չափուած-ձեւուած դասեր քաղել բարձր մակարդակի իրագործումներու տէր անձերէ, որովհետեւ բնութեան եւ դաստիարակութեան փոխադարձ կապը միշտ ալ եզակի է:

Այս խորհրդաւոր կապը անկասկած որ նեղութիւն պիտի պատճառէ «կատաղի մայրերուն»: Ինչ կը վերաբերի մեզի, այն իրողութիւնը, թէ մարդկային իրագործումի կարգ մը մութ անկիւնները կարելի չէ պեղել, ինքնին առիթ կու տայ հրճուանքի եւ համեստութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES