Կեանքի Անբացատրելի Երեւոյթներ. Մարդկային Սայթաքումը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԽԵԼԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏԻՆ ՀԱՍԱԾ Է ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՏԱՐԻՆԵՐ ԱՌԱՋ: ԱՅՆՈՒՀԵՏԵՒ ԾԱՅՐ ՏՈՒԱԾ Է ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԵՒ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԳԱՀԱՎԻԺՈՒՄԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԾԻՆԱԳԷՏԻ ՄԸ ԶԱՐՏՈՒՂԻ ՄԷԿ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԸ, ՈՐ ԴԱՐՁԱԾ Է ՎԻՃԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹ:

Արդեօք մարդկութիւնը դատապարտուած է իմացական կորուստի՞: Արդեօք իմացական մեր կարողութիւնը պիտի մաշի՞ յառաջիկայ դարերուն եւ մեր ժառանգորդները պիտի չկարենա՞ն գործածել արհեստագիտական այն միջոցները, զորս յայտնագործած են իրենց նախահայրերը: Կարճ խօսքով` արդեօք մարդը պիտի կորսնցնէ՞ իր խելացութիւնը:

Ասիկա վիճելի վարկածն է ականաւոր ծինագէտի մը, որ կը հաւատայ, թէ մարդկային ուղեղին նոր հնարքներ սորվելու հսկայական կարողութիւնը ենթակայ է ծինական շարք մը փոփոխութիւններու, որոնք սկսած են կուտակուիլ այն օրէն, երբ մարդիկ սկսած են ապրիլ քաղաքներու մէջ, ասկէ քանի մը հազար տարի առաջ:

Ճերըլտ Քրապթրի, որ կը գլխաւորէ Սթրանֆորտ համալսարանին (Քալիֆորնիա) ծինական գիտաշխատանոցը, հրապարակած է այն խնդրայարոյց գաղափարը, թէ  մարդկային խելացութիւնը ո՛չ թէ աւելի զարգացած է, այլ իր գագաթնակէտին հասած է հազարաւոր տարիներ առաջ, այնուհետեւ ծայր տուած է մեր իմացական եւ զգացական կարողութեան դանդաղ գահավիժումը:

Թէեւ այսօր շրջապատուած ենք գիտական յեղափոխութեան ընձեռած արհեստագիտական եւ բժշկագիտական բարիքներով, սակայն անոնք քողարկած են մարդկային ուղեղին ներհուն զօրութիւնը: Այս վիճակը պիտի շարունակուի եւ ի վերջոյ պիտի յանգի մարդկային ցեղին իմացական բթացումին, կը մտածէ ծինագէտը:

Քրապթրիի վիճարկութիւնը հիմնուած է այն իրողութեան վրայ, թէ մարդկային եղափոխութեան պատմութեան աւելի քան 99 առ հարիւրը ապրած են որսորդ-հաւաքողները, որոնց կենցաղը պատճառ դարձած է, որ մարդկային ուղեղը մեծնայ: Այսուհանդերձ, երկրագործութեան եւ քաղաքներու յայտնագործումէն ետք իրողապէս կանգ առած է իրենց միջավայրին ամէնէն աւելի յարմարող «խելացութեան ծիներուն» եղափոխութեան ընթացքը (նեչըրըլ սիլեքշըն), հետեւաբար նաեւ անոր ներգործութիւնը` մեր մտային կարողութեան վրայ: Այսպէս` փոփոխութիւններ սկսած են կուտակուիլ «խելացութեան» պատասխանատու գլխաւոր ծիներուն մէջ:

«Կրնամ գրաւի գալ, որ եթէ յանկարծ մեր մէջ յայտնուէր Ն.Ք. 1000 թուականին ապրած աթենացի միջին քաղաքացի մը, ան իբրեւ ամէնէն փայլուն ուղեղով եւ մտային մակարդակի վրայ ամէնէն կենսունակ անձը պիտի զատորոշուէր մեր պաշտօնակիցներուն եւ ընկերակիցներուն շարքին, որովհետեւ պիտի ունենար լաւ յիշողութիւն, գաղափարներու լայն ծիր եւ յստակ հայեցակէտ` կարեւոր հարցերու նկատմամբ», կ՛ըսէ Քրապթրի գրգռիչ ուսումնասիրութեան մը մէջ, որ լոյս տեսած է «Թրենտծ ին Ճենեթիքս» թերթին մէջ:

«Աւելի՛ն. կը կարծեմ, թէ ան զգացական գետնի վրայ իբրեւ ամէնէն կայուն անձը պիտի զատորոշուէր մեր բարեկամներուն եւ պաշտօնակիցներուն շարքին: Նոյն գրաւը պիտի առաջարկէի` նկատի ունենալով Ափրիկէի, Ասիոյ, Հնդկաստանի եւ Ամերիկաներու հնադարեան բնակիչները, որոնք ապրած են 2000-6000 տարի առաջ», կ՛աւելցնէ Քրապթրի:

«Գրաւիս հիմը կը կազմեն ծինագիտութեան, մարդաբանութեան եւ ջղակենսաբանութեան մէջ արձանագրուած այն նոր զարգացումները, որոնք յստակ կերպով կը նախատեսեն, թէ մեր մտային եւ զգացական կարողութիւները ծինական առումով զարմանալիօրէն տկար են», կ՛ըսէ ան:

Ծնողներու եւ անոնց զաւակներուն ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներու դասաւորումին մէկ բաղդատութիւնը ցոյց տուած է, թէ իւրաքանչիւր սերունդի ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջները միջին հաշուով կ՛ենթարկուին 25-65 նոր փոխակերպումներու: Քրապթրի կ՛ըսէ, թէ այս վերլուծումին համաձայն, շուրջ 5000 փոխակերպումներ տեղի ունեցած են վերջին 120 սերունդներուն քով, շուրջ 3000 տարուան ժամանակաշրջանի մը մէջ:

Քրապթրի կը մտածէ, թէ փոխակերպումներ պիտի կը կատարուին 2000-5000 ծիներու մէջ, որոնք կ՛առնչուին մարդկային մտային կարողութեան հետ. օրինակ` կառուցելով եւ իրարու միացնելով ուղեղի միլիառաւոր ջղային բջիջներ կամ` արտադրելով քիմիական ջղասփռումի (նիւրօթրանսմիթըր) քանի մը տասնեակ բջիջներ, որոնք իրենց հակակշիռին տակ կը պահեն ուղեղին բջիջներուն միջեւ կազմուած օղակները:

Հաւանաբար որսորդ-հաւաքողի մը կեանքը մտային շատ աւելի մեծ ճիգ կը պահանջէր, քան ինչ որ կը կարծենք, կ՛ըսէ Քրապթրի. «Ա՛յն որսորդ-հաւաքողը, որ չէր յաջողեր ճիշդ ձեւով յղանալ ուտելիք կամ ապաստան գտնելու լուծում մը, հաւանաբար կը մեռնէր իր զաւակներուն հետ, մինչդեռ արդի ժամանակներուն Ուոլ Սթրիթի մէջ աշխատող պաշտօնեայ մը նմանօրինակ սխալ մը գործելու պարագային պիտի ստանար համապատասխան հատուցում մը եւ պիտի նկատուէր գրաւիչ կողակից մը», կ՛ըսէ Քրապթրի:

Այսուհանդերձ, այլ գիտնականներ սկեպտիկ մօտեցում կը ցուցաբերեն: «Առաջին ակնարկով ասիկա կը նմանի արուեստներու կաճառէ մը ծնունդ առած գիտութեան դասական օրինակի մը: Վարկածներու պէտք չունինք, տուեալնե՛ր տուէք մեզի: Սակայն տուեալներ գոյութիւն չունին այս պարագային», կ՛ըսէ Եունիվըրսիթի Քոլեճ Լանտընի մէջ պաշտօնավարող ծինագէտ Սթիւ Ճոնզ:

«Կրնամ նոյն տրամաբանութեամբ վիճիլ, թէ փոխակերպումները մեղմացուցած են մեր յարձակողապաշտութիւնը, մեր ընկճուածութիւնը, սակայն ոչ մէկ թերթ պիտի հրատարակէր նման կարծիք մը: Հետեւաբար ինչո՞ւ հրատարակել այս մէկը», հարց կու տայ Ճոնզ:

«Ջատագովն եմ տուեալներու վրայ հիմնուած գիտութեան: Սակայն ճիշդ է, որ կարիքը ունինք նաեւ գաղափարներու: Ասիկա գաղափարներու յատուկ թերթ մըն է, թէեւ գաղափար չունիմ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է քննել գաղափարը», կ՛աւելցնէ ան:

Իմացական Եղափոխութիւն

Որսորդ-հաւաքող մարդը.

Մարդկային ուղեղը եւ դէպի գիտութիւն անոր հսկայական հակումը եղափոխուած են նախապատմական երկար ժամանակաշրջանին, երբ մարդը կը պայքարէր բնութեան տարրերուն դէմ:

Աթենացի մարդը.

Շուրջ 10 հազար տարի առաջ երկրագործութեան յայտնագործումը եւ անոր յաջորդած քաղաքներու կառուցումը, ինչպէս` Աթենք, կասեցուցին բնութեան մէջ իրենց միջավայրին ամէնէն աւելի յարմարող «խելացութեան ծիներուն» եղափոխութեան ընթացքը:

Նստարանին գամուած մարդը.

Մինչ ծինական փոխակերպումները կը բազմանան սերունդէ սերունդ, արդեօ՞ք դատապարտուած ենք դիտելու պատկերասփիւռի շարունակական յայտագիրներու կրկնութիւններ` առանց երբեք գիտնալու, թէ ինչպէ՛ս կը գործէ պատկերասփիւռը հեռուէն ղեկավարող սարքը:

այՓետ մարդը.

Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան բարիքները օգնեցին մարդուն, որ բարձրանայ բնութեան կաշկանդումներէն վեր եւ մեր մտային դիւրաբեկ կառոյցը պաշտպանեցին ծինական փոխակերպումներու դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES