50 Տարի Առաջ (3 Դեկտեմբեր 1962)

Ցիր Ու Ցան Հայեր
Անատոլուի
Մէջ

Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ կան ցիր ու ցան հայեր, որոնք ոչ եկեղեցի ունին եւ ոչ ալ դպրոց: 5-10 տարին անգամ մը Պոլսոյ պատրիարքարանին կողմէ քահանայ մը կը ղրկուի այդ շրջանները` հոգեւոր մատակարարութիւն կատարելու համար: Կարգ մը հեռաւոր գիւղերու մէջ գտնուող հայեր ատկէ ալ զրկուած կը մնան:

Քանի մը օր առաջ Պոլսոյ պատրիարքարանի դասաւորումով Ռումէլի Հիսարի հովիւ Վահան քահանայ Պիպիեան ղրկուած է Գասթեմոնիի եւ շրջակայքը գտնուող հայերու հոգեւոր մխիթարութեան համար:

Պիպեան քահանան մօտ մէկ ամիս պիտի մնայ այդ շրջաններ եւ վերադարձին մանրամասն տեղեկութիւն պիտի տայ այդ կողմերը գտնուող հայերու մասին:

Կեսարիոյ հոգեւոր հովիւ Հայկազուն քահանայ Կարապետեան կը շարունակէ Կեսարիոյ եւ շրջակայքի հայերու հոգեւոր մխիթարութեան գործը:

 

Տոմսեր

Յոյս Մը Նուազ…

Տարի մը յուլիսի սկիզբը թէ վերջերը, լաւ չեմ յիշեր, Արամ Սահակեանը տեսայ «Հայրենիք»-ի մօտ եւ կ՛աճապարէր: Օդը շատ տաք էր, բայց բուրդէ հաստ փուլովըր մը կը կրէր եւ հատ մըն ալ ունէր ձեռքը:

– Չե՞ս նեղուիր տաք օդէն, հարցուցի. ինծի այս զգեստս ալ անտանելի կու գայ:

– Ինչ տաքութիւն, ես հիմա ժողովէ մը կու գամ, տաքութիւնը հոն տեսնէիր, պատասխանեց:

Բաւական խանդավառութեամբ նկարագրեց ժողովը, ուր որոշում տրուած էր նոր հանգանակութեան մը համար, որքան կը յիշեմ, յօգուտ Պէյրութի մեր դպրոցներուն:

– Սքանչելի ժողովուրդ է, միշտ պատրաստ` զոհողութեան: Կարծես տալու առիթի կը սպասէ, կ՛ըսէր:

Արամ Սահակեան իր ամէն ջիղը լարած` կ՛ուսումնասիրէր Ամերիկահայ գաղութը: Առաւելապէս, անշուշտ մեր օրուան կեանքին կը հակէր, եւ մեր պարագային:

– Այս գաղութը – ըսաւ օր մը- երկար պիտի ապրի: Մեր ազգային կերակուրները, պարը, երգն ալ կարեւոր նպաստ պիտի բերեն` շարունակութեան համար: Բայց մանաւանդ` հանգանակութիւններուն դերը կարեւոր է:

Ամերիկահայ գաղութը միշտ` իր աչքերով եւ քսակով, պիտի ջանայ Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներու կեանքին նայիլ, զօրացնել: Մեր այդ գաղութներն ալ` միշտ օգտակար պիտի ըլլան ամերիկահայութեան` ղրկելով ուժեր, որոնք թերեւս պիտի չաճին այս ափերուն վրայ:

Ամերիկահայութեան հետ` հիացում ունէր նաեւ Ամերիկայի հանդէպ, առհասարակ:

Օր մը, տեսած էր, որ ամերիկեան քաղաքի մը մէջ, հսկայ տուն մը, հիմէն վերցուցած, բեռնատար ինքնաշարժով մը կը փոխադրէին: Ու քանիցս, զարմանքով կը յիշէր դէպքը, իր տեսած բազմաթիւ գիտական յառաջդիմութիւններուն հետ, այս երկրին մէջ:

Ափսո՜ս մեր սիրելի ընկեր Արամին: Իր մահը գուժող զանգակին ղօղանջը, կը գուժէ նաեւ մահը` մեր կեանքէն նուազող յոյսի մը…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

 

Share this Article
CATEGORIES