Լայն Ու Սպիտակ Սրտով Ընկերոջս…
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Մի՛շտ շէն ու պայծառ մնաս…
Ճորճ, Գէո՜րգ, Ձիւնակա՛ն Աբէլեան
Երբ անհաւատալի թուացող տարուան մը լռութենէ ետք համակարգիչիս դիմաց նստած եմ, որպէսզի քու յիշատակիդ այս սեղմ տողերու մէջ փորձեմ ամփոփել քեզի առնչուող բազում մտածումներս, անհատնում յիշատակներս ու քու բազմաբնոյթ աշխատանքային դաշտդ, կը զգամ, որ անկարող եմ հաշտուելու քու բացակայութեանդ հետ, կը զգամ, որ ներաշխարհս կը մերժէ քու առյաւէտ բաժանումդ ընդունիլ, ուստի այս առիթով եւս կ՛ուզեմ հետդ խօսիլ, կ՛ուզեմ գրել քեզի ուղղուած նամակ մը` միշտ ու միշտ կառչելով այն պատրանքին, որ դուն առանձին չես ձգած մեզ, այլ մեզի հետ ես …
Ուրկէ՞ սկսիլ, ո՞ր յիշատակին, գործին ու նկարագրային գիծին առաջնահերթութիւն տալ: Դժուար է ընտրել, սակայն հաստատ է մէկ բան, որ դուն քու բարութիւնդ, անկեղծութիւնդ, պարկեշտութիւնդ, պարտաճանաչութիւնդ, հայ ազգին ու Հայ դատին նկատմամբ նուիրումդ, դրականով ապրելու եւ դրական մթնոլորտ սփռելու յատկութիւններդ դրոշմած ես ամէն մէկ գործի, յիշատակի, արարքի եւ խօսքի վրայ, այս բոլոր տուեալները շաղուած են քու անձիդ հետ ու գծած են քու իւրայատուկ պատկերդ, որ դիմացս կը յայտնուի այս տողերը գրած պահուս:
Կարմրուկ այտերդ, մեղմ ժպիտդ, յուսատու աչքերդ կ՛ուրուագծուին եւ յիշատակներու ուղիով կը տանին զիս: «Ազդակ»-ի յարկին տակ էր, որ սկսաւ մեր մտերմութիւնը, երբ քու հեւքոտ վիճակիդ մէջ քեզի դիմելով խնդրեցի, որ անգամ մը աչք մը նետեմ «երկունքի ցաւեր» ապրող քու «Ցկեանս նահատակութիւն» գիրքին երկրորդ հատորին, որպէսզի նկատած վրիպակներս ուղղուին, եւ գիրքը կարելի եղածին չափ անսխալ վիճակի մէջ լոյս տեսնէ: Այդ օրուան ժպիտդ անմոռանալի է, որովհետեւ քու հոգիիդ ազնուութեան եւ գոհունակութեան ուրոյն արտայայտութիւնն էր: Սիրով ընթացք տուիր առաջարկիս, որ նաեւ հիմքը հանդիսացաւ աշխատանքային եւ բարեկամական մեր մտերմութեան: Անկէ ետք ծրագիրներուդ բաժնեկիցը դարձուցիր զիս, որեւէ հանդիպում կամ հեռաձայնային զրոյց իրեն հետ նորութիւն մը պիտի բերէր քու կողմէդ` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողի նոր պատմութեան մը արձանագրութիւնը, նոր գիրքի մը գաղափարը, Ձիւնականը ներշնչած նոր երեւոյթ մը, գիրքի մեկենաս մը, տպարան հասած գիրքի մը ճակատագիրը… Այս բոլորէն ետք անպայման պէտք էր քեզի ըսէի, թէ քու տուեալ գիրքիդ խմբագրութիւնը, սրբագրութիւնը կամ էջադրումը ո՛ւր հասած է, քու ստորագրութիւնդ կրող ի՛նչ նոր գրութիւններ գտած էի «50 տարի առաջ»-ուան բաժինի փնտռտուքիս ընթացքին, «Ձիւնական»-ի գրութիւններդ «ի՛նչ ջուրի վրայ էին», իսկ զրոյցին աւարտը միշտ ու միշտ լաւատեսական, քաջալերական եւ գոհունակութիւն ցոլացնող պիտի ըլլար` «Մի՛շտ շէն ու պայծառ մնաս… » արտայայտութեամբ եզրափակուող: Իւրաքանչիւր նամակ եւս պիտի եզրափակուէր նոյն նախադասութեամբ, նոյն մաղթանքով, անկեղծութեամբ եւ քեզի յատուկ ու քու բազմաբնոյթ աշխատանքներդ ամփոփող ստորագրութեամ` Ճորճ, Գէորգ, Ձիւնական Աբէլեան… Քեզի համար իւրաքանչիւրը ունէր իր իմաստն ու արժէքը:
Երբ կը մտածեմ քու մասիդ, չեմ կրնար զանց առնել քու անսահման բարութիւնդ, որ ո՛չ միայն քեզմէ կը բխէր, այլ համոզուած էիր, որ ուրիշներուն մօտ ալ առկայ է միշտ: Կը խուսափէիր չարին գոյութեան ակնարկող ոեւէ երեւոյթէ, որովհետեւ ատիկա խորթ կը թուէր քեզի: Կրտսեր ընկերուհիի իմ դիրքէս երբ կը փորձէի քեզի ըսել, թէ այսքան բարի ըլլալով այս աշխարհին մէջ դժուար է ապրիլ, կը ժպտէիր ու կ՛ըսէիր, թէ 70 տարի յետոյ ալ դժուար է փոխուիլ:
Տարիէ մը ի վեր նամակ չկայ քեզմէ, հեռաձայնային կապ չկայ, հանդիպումներ չկան, կայ կարօտ, մեծ կարօտ եւ անսահման յարգանք ու սէր, որոնք մեր մտերմութեան ժառանգութիւնն են` ինծի մնացած: Չկան ժպտուն դէմքդ, մեղմ ձայնդ ու բարի մօտեցումներդ, բայց կան հարուստ յիշատակներդ, կան ականջիս մէջ հնչող խօսքերդ, կան նամակներդ, որոնց ընդմէջէն շատ բան ըսած ես…
Դժուար է հաւատալ, որ այս լռութիւնդ ու բացակայութիւնդ յաւիտեան են, միշտ ունիմ ձայնդ լսելու, քեզ կրկին տեսնելու ներքին սպասում մը, որուն հետ իրականութիւնը բուռն պայքարի մէջ է:
Այսօր քեզ կը փնտռեն շատ շատեր, մօտիկներ ու հեռաւորներ, բացակայութիւնդ զգալի է ամէնուրեք` Այնճարէն Պէյրութ ու Քեսապէն մինչեւ հեռաւոր Ռաս Ուլ Այն ու Տէր Զօր… Ձգած մեծ բացդ ոչ ոք կրցաւ եւ պիտի կարենայ լեցնել, որովհետեւ ինչ որ դուն կ՛ընէիր, այնքան նուիրում, որ դուն ունէիր, այսօր դժուար թէ գտանելի ըլլայ ոեւէ մէկուն մօտ, Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքին մասին բազում պատմութիւններ լսելու, այդ բոլորը արտագրելու եւ խմբագրելու կարողութիւն եւ ուժ ունեցողներուն թիւը մեծ չէ, առաւօտեան ժամը 4:00-ին արթննալով` յօդուած գրելու, «Ձիւնական»ի երգիծական մը «թխելու», սրբագրութիւններ կատարելու եւ արտադրելու կամք ու ներշնչում ունեցողներուն թիւը իսկապէս նօսրացած է: Տակաւին չենք խօսիր միութենական հեւքոտ աշխատանքներուդ մասին, Ազունիէի բուժարանին բարգաւաճման ի խնդիր տարած ջանքերուդ մասին, Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու եւ պարտադրաբար իրենց ինքնութիւնը ծածկող սուրիական տարբեր շրջաններու մէջ ապրող իսլամացած հայերու ներկայացուցիչի դերակատարութեամբ տարբեր բեմերէ դասախօսութիւններով հանդէս գալուդ մասին… Շարքը երկար է, բացակայութիւնդ ալ` նոյնքան ծանր:
Սիրելի՛ ընկեր Ճորճ,
Թէեւ բաժանումը անհաւատալի կը թուի, սակայն դուն քու կեանքովդ ու գործովդ եղար այնպիսի անձնաւորութիւն մը, որ քու յիշատակովդ իսկ նեցուկ ես եւ պատգամ, ժառանգութիւն ես եւ կոչ` շարունակելու Հայ դատի պայքարը, պահպանելու հայկական արժէքները, սերունդները դաստիարակելու հայկական շունչով եւ ոգիով: Քու կերտած կեանքովդ, դիզած վաստակովդ, բերրի գրականութեամբդ, մարդկային սկզբունքներովդ եւ նկարագրային վեհ գիծերովդ արժանի ես ամենայն յարգանքի եւ երախտագիտութեան: Անհատական նախաձեռնութեամբ եւ ճիգով ի գործ դրած քու աշխատանքդ, հրատարակած գիրքերդ եւ ձգած աւանդդ համայն հայութեան համար իսկական նուէր են ու ժառանգ:
Դուն պիտի շարունակես մեզի հետ մնալ քու գիրքերովդ, որոնց մէջ քու շունչդ, դրոշմդ, իւրայատուկ ոճդ, տխրութիւններդ եւ ուրախութիւններդ, մտահոգութիւններդ եւ տագնապներդ, մէկ խօսքով` ամբողջ կեանքդ ամփոփած ես:
Սիրելի՛ երէց ընկեր,
Նամակս գրած պահուս կարծես կողքիս նստած ես, ականջիս կը փսփսաս, որ շատ չշփացնեմ քեզ, սակայն այս տողերուն ընդմէջէն քու նկարագիրիդ ու գործիդ հազիւ հիմնական գիծերուն անդրադարձայ:
Բացակայ ես ֆիզիքապէս, բայց ներկայ ես գործովդ, գիրքերովդ եւ քաղցր ու անմահ յիշատակովդ:

