Տարի Մը Ետք. Ճորճ Աբէլեանի Անթառամ Յիշատակին

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Է՜յ ընկեր Ճորճ, ինչպէս ժողովուրդը կ՛ըսէ` տարին աչք բանալ-գոցելու պէս անցաւ:

Շա՜տ արագ, բայց` ոչ ընտանիքիդ եւ ընկերներուդ համար` որոնք տակաւին չեն ընդունած մեկնումդ այս անցողիկ աշխարհէն:

Ընտանիքդ չէ կրցած հաշտուիլ դառն իրականութեան հետ, եւ բացակայութիւնդ ոչ միայն զգալի է, այլեւ ստեղծուած պարապութիւնը այդպէս ալ մնաց…: Ամէն անգամ որ տարբեր առիթներով կը հանդիպինք քեզի ծանօթ ընկերներու եւ բարեկամներու,  բոլորն ալ նոյն արտայայտութիւնը կ՛ունենան` «Մեղք եղաւ Ճորճին…»: Բոլորն ալ համակարծիք են, թէ կանուխ եղաւ մեկնումդ,  տակաւին շա՜տ ծրագիրներ ունէիր:

Յամենայն դէպս մուսալեռցիները հին ասացուածք մը ունին, որուն բոլորը կը հաւատան` «Իրընք արւէց աշխուր կուն, մընք սէտ», այսինքն` իրենք իսկական աշխարհի մէջ են, իսկ մենք` սուտ: Անոնք կը հաւատան, թէ

մեր աշխարհը սուտ է եւ իսկական աշխարհը քրիստոնեայի յաւիտենական կեանքն է…

Հինէն եկած այս ասացուածքը որքանո՞վ ճշգրիտ է, յայտնի չէ, սակայն յայտնի է, որ մեր աշխարհին մէջ  սուտը միշտ կ՛աւելնայ ժամանակի ընթացքին, եւ բնականաբար վերելքի մէջ էր անցնող տարուան ընթացքին  …

Դժբախտաբար անցնող տարին լաւ չեղաւ նաեւ Սուրիոյ համար, որ աւելիով ընկղմեցաւ կրակի ու ծուխի մէջ:

Բաւական դժուար կացութիւն կը տիրէ նաեւ քու այնքան սիրած ծննդավայրիդ ` Քեսապի շրջանին մէջ:

Փոխան ուրախութեան եւ խաղաղ կեանքի` տխրութիւնը եւ մտահոգութիւնը տիրական դարձան մեր շրջանին մէջ:

Կեանքը անշուշտ կը շարունակուի:

Միութենական-կուսակցական-մշակութային ծրագիրները ընթացքի մէջ են, սակայն

դաստիարակչական եւ 100-ամեակի  յանձնախումբերու անդամները ,«Ազդակ»-ի ընթերցողները կ՛անդրադառնան քու

բացակայութեանդ եւ  ակամայ կը նային իրենց չորս կողմը…

Թերթն ալ աւելի տխուր էր անցնող տարի. թերթէն կը բացակայէր երգիծանքը, չկար այլեւս Ձիւնականը… Այնպէս կը թուի, թէ  տարին անցաւ, սակայն կարելի չեղաւ ընթերցողին տխուր օրը քիչ մը մեղմող եւ ժպիտ պարտադրող աշխատակից մը գտնել:

Սակայն պէտք չէ տեսնել տխուր ու մտահոգիչ երեւոյթները միայն: Կա՛ն նաեւ, թէեւ քիչ, սակայն ուրախացուցիչ երեւոյթներ ալ: Անցեալ շաբաթ, շնորհիւ ընտանիքիդ յարատեւ ջանքերուն եւ հայ մշակոյթի զօրութեան հաւատացող հայորդիներու, «Աննա հարսը»-ը լոյս տեսաւ արաբերէնով …

Ահաւասիկ` երազներէդ մէկը, որ իրականութիւն դարձաւ, ափսոս սակայն` միայն քու բացակայութեանդ …

Անցնող օրերուն Հայաստանի նախագահը Լիբանան այցելեց եւ մեզ անհանգստացնող հարցերուն մասին բաւական յստակ    պատգամներ փոխանցեց. թրքական պետութիւնը պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ արդարութիւն պէտք է հաստատուի:

Է՜, ի՞նչ ըսեմ ընկեր Ճորճ: Կիրակի հոգեհանգիստ պիտի կատարուի քու յիշատակիդ:

Քեզի համար պիտի աղօթեն բոլոր   հարազատներդ եւ քեզ սիրող ու յարգող ընկերներդ:

Ամէնէն դժուարը կնոջդ համար պիտի ըլլայ, որ վարժ էր ամէն կիրակի հետդ եկեղեցի երթալու…

Դժուար է նաեւ մեզի համար` ակումբէն վերադառնալ առանց քեզ …

Է՜, տարին անցաւ գլխու պտոյտ պատճառող արագութեամբ, սակայն քու յիշատակդ կ՛ապրի, եւ պիտի ապրի տակաւին երկար ժամանակ:

 

28 նոյեմբեր, 2012                                                                                                  
Այնճար

Share this Article
CATEGORIES