Ալիծ Մինասեան-Պարսումնեանի Յիշատակին

ՍՕՍԻ Ա. ՊԱԼԵԱՆ

Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ մեկնեցաւ սիրելի Ալիծը իր ետին ձգելով սգակիր զաւակները` Անին, Սիլվան եւ Վահէն, թոռները, քոյրերը, եղբայրը“ Պարետը, ազգականները, ժողովական ընկերները եւ բոլոր այն նորահաս մայրերը, որոնց եղած էր մայր` անոնց փոխանցելով առողջապահական գիտելիքներ եւ մայրական պարտականութիւններ:

Ալիծ Մինասեան պատանի տարիքին ընտանեկան յարկին հակ սորված էր ծառայել շրջապատին: Ան ծնած էր ընտանիքի մը մէջ, որուն շատ մը անդամները իրենց համալսարանական կրթութիւնը ընտրած էին առողջապահական մարզը. Ալիծ չուշացաւ եւ իր կարգին ընտրեց ընկերային ծառայութիւնը, որ զինք առաջնորդեց դէպի հիւանդապահութեան մարզը:

Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն շրջանաւարտ ըլլալէն ետք ան ամուսնացաւ երկրաչափ Երուանդ Պարսումեանին հետ եւ ունեցաւ երեք զաւակներ: Ան թրծուեցաւ ու դարձաւ ինքնավստահ մայր մը. եւ իր ծառայութեան ոգին զինք մղեց դէպի «Գարակէօզեան» եւ «Ճինիշեան» հաստատութիւնները, ուր իրեն կը վստահուեցան նորակազմ հայ ընտանիքներու մայրերը, որոնք առաջին անգամ կը ծննդաբերէին: Ալիծ կամաւոր կերպով այցելեց այս պարագաներուն, անոնց փոխանցեց նորածին մանկան եւ մօր առողջական գիտելիքներ եւ գործնական ցուցմունքներ: Ան նաեւ մաս կազմեց Թոքատապի արգիլման ազգային վարչութեան: Ան շարունակեց այս ծառայութիւնը, մինչեւ որ ընտանիքին հետ մեկնեցաւ Քուէյթ եւ յետոյ` Քանատա:

Ես բախտաւորութիւնը ունեցայ Ալիծը ճանչնալու 1986-ին, երբ ան երկար բացակայութենէ ետք վերադարձաւ Լիբանան եւ միացաւ «Գարակէօզեան» կեդրոնի տեղական վարչական կազմին եւ նշանակուեցաւ նաեւ «Գարակէօզեան»-ի ներկայացուցիչ ԱՖԵՏ-ի մէջ: Մենք ճանչցանք Ալիծը իբրեւ մարդասէր, եկեղեցասէր, անձնազոհ, խաղաղասէր կին մը, որ չէր հանդուրժէր քինախնդրութիւնը ու ամէն ջանք կը տանէր անհաշտ կողմերը հաշտեցնելու:

Ժողովական կեանքի մէջ եղաւ ճշդապահ, հանդարտաբարոյ, պարտաճանաչ, խօսքէն աւելի գործին հաւատացող. ընդվզումը չզլացաւ արտայայտելու, երբ պիւտճէական կրճատումներ կ՛ըլլային կեդրոնին մէջ, մանաւանդ` լիբանանեան տնտեսական դժուար պայմանները նկատի առած:

Անձնուէր այս հայուհին մնաց իր ծառայութեան դաշտին մէջ, մինչեւ այն ատեն որ առողջական վիճակը դանդաղեցուց զինք եւ ան վերջին տարուան ընթացքին չկրցաւ ներկայ ըլլայլ իր կեանքի անբաժան մէկ մասին իր բաժինը բերելու ժողովական կեանքի:

Ազգային արժէքները եւ իր տոհմային արժանիքները Ալիծը ազնուացուցին, եւ ան եղաւ իր ծնողներուն արժանաւոր զաւակը, օրինակելի մայր եւ առաքինի կին: Յիշատակդ անմոռաց պիտի մնայ թոռներուդ, զաւակներուդ եւ հարազատներուդ սրտին եւ մտքին մէջ: Նաեւ քեզ պիտի յիշեն ժողովական ընկերներդ, հաստատութիւններու պաշտօնեաները եւ մանաւանդ նորահաս մայրերը, որոնք վայելեցին քու բարիքներդ` իրենց առողջ ընտանիքի կազմաւորման մէջ:

Ալի՛ծ, վերջին անգամ երբ ներկայ էիր Միհրան Գարակէօզեանի եւ իր ընտանիքին տարեկան հոգեհանգստեան, արդեօք միտքէդ անցուցի՞ր, որ յաջորդ տարելիցը պիտի զուգադիպէր քու մահուանդ քառասունքին: Մի՞թէ ասիկա աստուածային կարգադրութիւն մըն էր` քու ծառայութեանդ իբրեւ վարձատրութիւն:

Սիրելի՛ Ալիծ, դուն հանգիստ հող մտար, որովհետեւ Տիրոջ քեզի տուած պարգեւները լիովին ի գործ դրիր` ծառայելով մարդկութեան: Հայ ընտանիքի առողջ կազմաւորման ջատագով, անսակարկ նուիրումդ հայ ազգի ծառայութեան եւ բեղուն վաստակդ հաւաստիք ըլլայ Տիրոջ դատաստանին առջեւ:

Վա՛րձքդ, կատար,

Յարգա՛նք յիշատակիդ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES