Վարդան Խաչանեանի Յիշատակին
Ամէն ինչ որ սկիզբ ունի, աւարտ ունի, բացի՛ մարդու հոգիէն, որ մշտնջենական է:
Երբ աւարտի մարդ արարածին երկրաւոր կեանքը, հողը կը դառնայ հողին, իսկ հոգին կը սլանայ դէպի անդենական:
Արդարեւ, Վարդանի հոգին նոյնպէս անջատուելով չարչրկուած մարմնէն` սլացաւ դէպի յաւիտենականութիւն:
Վարդան Խաչանեանը իր ազգին համար անխոնջ գործած ու միշտ պատնէշի վրայ կանգնած, զոհուելու պատրաստ քաջ զինուորն էր: Ցաւօք, վերջերս տարիներու ծանր բեռը ահաւոր ձեւով ընկճած էր զինք, ֆիզիքապէս կը տառապէր, ոտքերը կը դաւաճանէին «ցաւ»-ը արհամարհող Վարդանին. ահա՛ ճիշդ այդ պահուն հասաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը ու պարուրելով զինք մայրական բազուկներով, գրեթէ առօրեայ հոգածութեան առարկան դարձուց զինք, այս պատճառաւ ալ խաչուհիի կերպարը Վարդանին համար յաւիտենական «ժպտող վարդ» մըն էր` իր արտայայտութեամբ:
Ճշմարտութիւնը ընդունիլը եւ խոստովանիլը առաքինութիւն է. պէտք է ընդունիլ, որ Վարդան չափազանց քմահաճ, կամակոր ու կարծր բնաւորութեան տէր անձ մըն էր, այսուհանդերձ սրտի մօտիկ ու սիրելի էր բոլորիս. իր զարմանալի արարքները ժպիտով կ՛ընկալուէին մեր կողմէն: Ան մեր` ԼՕԽ-ի խնամքին յանձնուած ծերուկն էր, որ թէկուզ չէր դրսեւորեր, բայց իր վարմունքէն կ՛իմանայիր, որ մեծ հաւատք ունէր ԼՕԽ-ի առաքելութեան նկատմամբ:
Ան շատ անակնկալ ձեւով հրաժեշտ տուաւ կեանքին` խոր վիշտ պատճառելով զինք շրջապատող սրտակիցներուն եւ ԼՕԽ-ի ընտանիքին:
Վարդա՛ն, թո՛ղ հոգիդ սաւառնի լոյսերուն մէջ բարձրերու, ու յիշատակդ ալ մնայ միշտ անթառամ:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

