Հուժկու Վարդանը…

Պէյրութ, 1975… Քանի մը ամիս երկմտանքէ եւ տատամսումէ ետք, պաշտօնապէս ծայր առած էր Լիբանանի ներքին քաղաքացիական պատերազմը:

Գրեթէ իր աւարտին հասած սեպտեմբերեան կէս գիշեր` վաղ առաւօտ մը… Կրակոցներն ու ռմբակոծումները դադրած էին:

Այդ լռութեան մէջ նարնջագոյն ինքնաշարժ մը կանգնած էր Նշան Փալանճեան ճեմարանի (Զոքաք Պլաթ) մուտքին եւ լոյսերու նշան մը կատարելով` կ՛ուզէր փաստել իր ներկայութիւնն ու մուտքի արտօնութիւնը` կառոյցէն ներս:

Այդ լոյսերու նշանի կարիքը չկար, անշուշտ ո՛չ ալ ճչակի: Վերանորոգման կարիքը ունեցող այդ  «Օփել»¬ը, խանգարման նշաններ արտայայտող այնպիսի ձայներ կը հանէր, որ կարելի չէր նոյնիսկ չարթննալ ու չզարթնիլ: Այս խառնիճաղանճն ու ժխորը յանկարծ ընդհատուեցան, երբ շարժավարը մուտք գործելէ եւ շարելէ ետք մարեց այդ աղմկարար մեքենան:

… Միայն այդ վայրկեանին յայտնի եղաւ, որ այդ աղմուկին ընթացքին շարժավարը եւս կը խօսէր: Համեմատած ձայնաւոր ինքնաշարժին, բաղաձայն չէր այդ շարժավարին ձայնը, այլ համեմատաբար բարակ:

Այդ տարօրինակ ձայնին երբեք չէր համակերպեր խնդրոյ առարկայ անձին ֆիզիքական կազմուածքը` մկաններու կոյտ մը, վիթխարի ձեռքեր եւ լաւապէս խնամուած ու սրարձակ պեխեր:

Այդ շարժավարը պարսկահայ Վարդանն էր… ընկեր Վարդան Խաչանեանը:

Այդ օրերուն, իբրեւ պատանի երիտասարդներ հարց կու տայինք, թէ այս մարդը այդ ժամուն ի՞նչ կ՛ընէր, ո՞ր վայրէն կը ժամանէր:

Իրեն ծանօթներ ու մօտիկ բարեկամներ կ՛ըսէին, թէ ժամանակի վատնում էր հարց ու փորձ կատարելը:

Ան պիտի  չըսէր, թէ ո՞ւր գործուղուած էր եւ կամ… ի՞նչ կը կատարէր:

Այսպիսի զարմանալի հանդիպում, զարմանալի տիպարի մը հետ… բնականաբար իրեն հետ միայն կարելի էր կատարել:

Առաջին զրոյցն ու տպաւորութիւնը այնպիսի երեւոյթ մը կը ձգէին, թէ այս մարդուն հետ կարելի չէր բարեկամանալ, զրուցել… նոյնիսկ մօտենալ:

Շա՜տ ճիշդ… Դժուար տիպար մըն էր ան:

Սակայն պատերազմն ու ճակատագիրը այնպիսի կացութիւն մը ստեղծեցին, որ կարելի եղաւ լուծել այդ «թապու»-ն, եւ դառնալ մօտիկ ընկեր` այս տարօրինակ տիպարին եւ հաւատաւոր դաշնակցականին հետ:

Ուաթուաթի մօտակայ իր բնակարանը յաւելեալ պատճառ մըն էր, որ ան բազմիցս մուտք գործէ «Ազդակ»¬ի երդիքէն ներս, միշտ ալ տարօրինակ ժամերու ընթացքին:

Իւրայատուկ սեւ բաճկոնով եւ իր անբաժանելի շան հետ, բազմիցս այցելելով խմբագրատուն` ան սկսած էր մօտիկութիւն մը ստեղծել անձնակազմին հետ: Ամենայն սրամտութեամբ  գտած էինք ծածկանուն մը` «Mad Vartan»` զինք բաղդատելով այդ օրերուն հռչակ սփռած «Mad Max» ժապաւէնին հետ: Նոյնիսկ ամէնէն դաժան օրերուն Վարդան «Ազդակ»¬ի այցելուն էր եւ անձնակազմին մօտիկ բարեկամը` «Բագին»-ի շէնքին մէջ օթեւանած  ժամանակ:

Հուժկու էր Վարդանը… եւ այդ ալ ի՜նչ «Մամիկոնեան» ուժ:

Հարուած մը սեղանին եւ կաղնիէ փայտն անգամ կրնար ցնցուիլ եւ ամրացուած գամերը սկսէին քակուիլ ու խարխլիլ:

Տարիները կ՛անցնէին… Վարդանը միեւնոյն տիպարն էր… Այն տարբերութեամբ, որ մազն ու միշտ սրարձակ պեխերուն մէջ սպիտակն էր, որ սկսած էր գերազանցել սեւը:

… Վերջին տարիներուն հետզհետէ  մեր կապը խզուած էր… Տարբեր ցամաքամաս, տարբեր ապրելաձեւ եւ յատկապէս երկուքս ալ (ընդ)դիմատետրի եւ դայլայլիչի սերունդէն հեռու էինք: Պատահմամբ տեղեկացայ մահուան լուրը` լուռ եւ հուժկու Վարդանին:

Պէտք չէր անլուռ եւ անլուր մնալ… այլ յարգել ու յատկապէս յիշել  այս հուժկու եւ համեստ ընկերը:

ՍԳԱԿԻՐ

(Միացեալ Նահանգներ)

Share this Article
CATEGORIES