«Կոկիկեան» Հիմնարկ. Լիբանանահայ Վարժարաններու Արաբերէնի Բարձրագոյն Նիշեր Ապահոված Աշակերտներու Պարգեւատրում Եւ «Պայան» Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն
Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, երէկ` ուրբաթ, 30 նոյեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցան լիբանանահայ վարժարաններու արաբերէնի բարձրագոյն նիշեր ապահոված աշակերտներու պարգեւատրումն ու «Պայան» շարադրութեան անդրանիկ մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, «Կոկիկեան» հիմնարկի ներկայացուցիչներուն, տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արամ Գարատաղլեան, որ նշեց, թէ «Կոկիկեան» հիմնարկը կը միտի քաջալեր հանդիսանալ երիտասարդութեան, որպէսզի մուտք գործէ պետական մարզին մէջ: Գարատաղլեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
Ապա խօսք առաւ «Կոկիկեան» հիմնարկի տնօրէն խորհուրդին անդամ Սիւզի Սեմերճեան, որ յայտնեց, թէ «Պայան» մրցանքը կը միտի լուսարձակի տակ առնել արաբերէնի կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ստեղծել հայ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան փայլուն ապագան: Սեմերճեան աւելցուց, որ լեզուն հաղորդակցութեան ամէնէն կարեւոր միջոցն է, որ իբրեւ կամուրջ կ՛օգնէ, որ շրջանցուին հեռաւոր սահմանները:
Ան ըսաւ, որ մայրենիին` հայերէնին պահպանումը չի նշանակեր հրաժարիլ մնացեալ լեզուներէն, այլ` զարգացնել մնացեալ լեզուներն ալ եւ ի մասնաւորի արաբերէնը: Սիւզի Սեմերճեան նշեց, որ արաբերէնին տիրապետումը լիբանանեան եւ արաբական ընկերութիւններուն մէջ կը ստեղծէ գործի յաւելեալ առիթներ, կու տայ ինքնավստահութիւն, կը նպաստէ մեր իրաւունքները աւելի մեծ թափով պաշտպանելու աշխատանքին եւ կ՛օգնէ յաւելեալ թափով մուտք գործելու ընկերութեան քաղաքակրթական եւ մշակութային առօրեային մէջ: Սեմերճեանի խօսքին յաջորդեց լիբանանահայ իւրաքանչիւր վարժարանի 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններու` արաբերէնի մէջ բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը:
Իր կարգին, խօսք առաւ «Կոկիկեան» հիմնարկի տնօրէն խորհուրդի անդամ Զիատ Հայեք, որ նշեց, թէ 12 լիբանանահայ վարժարաններէն մէկական աշակերտ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Պայան» մրցանքին, որուն դատական կազմին մաս կը կազմեն համալսարաններու դասախօսներ դոկտ. Ժան Սալմանեան, Հանրի Աուէյս եւ Անթուան Ապտօ: Հայեք ըսաւ, որ առաջին հանդիսացած վարժարանը պիտի ստանայ «Պայան» մրցանքի յուշանուէրը, որ տարեկան դրութեամբ շահող վարժարաններուն միջեւ շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի:
Աւարտին, Արամ Գարատաղլեան յայտարարեց «Պայան» մրցանքին արդիւնքները: Առաջին հանդիսացաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն Սանտրա Չէօլմեքեան, երկրորդ` Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարանէն Անի Թաշճեան եւ երրորդ` Հայ աւետարանական քոլեճէն Մեղրի Պաղտոյեան:
Նշենք, որ հանդիսութեան ընթացքին նաեւ գործադրուեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարանդա Եագուպեան (մեներգ), Մարի Ապտել Ահատ (ուտ) եւ Նանօր Մաճարեան (մեներգ եւ դաշնակ):

