Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Աւանդութեան Վերածուած Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսի Բացման Արարողութիւն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին եւ նախագահութեամբ Ճէյն Այանեանի, երէկ` ուրբաթ` 30 նոյեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժէլ էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզի ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսի բացումը:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Սօսէ Պոյաճեան խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը Ռիթա Պոսնոյեանի, որուն վաստակը շատ մեծ է յանձնախումբի աշխատանքին մէջ: Պոյաճեան իր հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանած խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ ՀՕՄ-ը գոյատեւած է 100 տարիէ ի վեր, իսկ Լիբանանի մէջ ԼՕԽ-ը միշտ անկարելին կարելի ըրած է, միշտ աւելի բարձրանալ ձգտած է, նորութիւն արձանագրած է եւ կատարելագործած իր նախաձեռնութիւնները: Ան հաստատեց, որ հայ կինը կրնայ ընել ամէնէն ծանր աշխատանքէն մինչեւ ամէնէն նուրբ եւ ամէնէն ազնուական աշխատանքը, որ կը կոչուի ասեղնագործութիւն: «Կը յուսանք, որ յաջորդող սերունդները շարունակեն գուրգուրալ ու պահպանել անհամար զոհողութիւններով ստեղծուած այս օճախը», եզրափակեց ան:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան խօսք առնելով յայտնեց, որ սոյն ցուցահանդէսը ազգային եւ ժողովրդական մեր արժէքներու պահպանման տօներէն մէկն է, նաեւ յառաջիկայ օրերուն գալիք ուրախ տօներու բացումն է: «Մենք այսօր եկած ենք տէր կանգնելու այն ամէն ինչին, որ մեզի կը պատկանի… մեր ազգային կեանքը կ՛աղքատանայ, երբ կը կորսնցնենք մեր ունեցածները, մեր ժառանգութիւնը, մեր հարստութիւնը», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է պարտականութիւն զգայ պահպանելու այս ձեռագործները:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 7 դեկտեմբեր եւ բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

 

Share this Article
CATEGORIES