Ակնարկ. Պաղեստինեան Դատի Պայքարին Մէջ Նշանակալից Զարգացում Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ հինգշաբթի, 29 նոյեմբերին դիւանագիտական մեծ պարտութիւն մը կրեցին, երբ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 138 թեր, 9 դէմ եւ 41 ձեռնպահ քուէարկութեամբ Պաղեստինը ընդունեց իբրեւ դէտի կարգավիճակով ՄԱԿ-ի ոչ անդամ պետութիւն. նշանակալից քայլ մը, որ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի դրոյթներուն մէջ կը կատարէ նկատառելի փոփոխութիւններ:
Այսուհետեւ Կազայի կամ Այսրյորդանանի դէմ իսրայէլեան որեւէ յարձակում կամ ոտնձգութիւն պիտի նկատուի դրացի պետութեան մը դէմ թշնամական արարք եւ իբրեւ այդպիսին պիտի արժանանայ միջազգային ընտանիքի ժխտական ընկալումին: Աւելի՛ն. պաղեստինցիները իրաւունք պիտի ունենան իրենց դէմ կատարուած գործողութիւններուն համար Միջազգային քրէական դատարանին մէջ Իսրայէլի եւ անոր ղեկավարներուն դէմ դատական հայց ներկայացնելու:
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որդեգրած որոշումէն ետք Պաղեստին վերածուեցաւ պետութեան մը, որուն հողամասերը Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած են, իսկ այդ հողամասերուն վրայ հաստատուած իսրայէլեան բնակեցման վայրերուն ապօրինութիւնը դարձաւ անվիճելի: Իսրայէլեան բանտերուն մէջ արգելափակուած պաղեստինցիներուն բնութագրումին շուրջ վէճը (ահաբեկիչնե՞ր, թէ՞ գերիներ) վերջ գտաւ ի նպաստ պաղեստինեան թեզին, եւ անոնք վերածուեցան պատերազմական գերիներու, եւ իբրեւ այդպիսին` յատուկ վերաբերմունքի արժանի եւ նկատառելի իրաւունքներու տէր անհատներու:
Այս բոլորը անշուշտ` տեսական գետնի վրայ: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու քուէարկութենէն ժամեր առաջ արդէն յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ «քուէարկութիւնը գետնի վրայ ոչինչ պիտի փոխէ»` աւելցնելով, որ «պաղեստինցիները այս ձեւով պետութիւն պիտի չունենան»: Իսրայէլեան յամառութեան լոյսին տակ, կը մնայ տեսնել, թէ այս բոլորը գործնական գետնի վրայ ինչպիսի՛ զարգացումներու պիտի առաջնորդեն:
Քուէարկութիւնը իր դրական երեսներուն կողքին ունի նաեւ ժխտական կողմ մը: ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ որդեգրուած բանաձեւը յստակ կերպով կ՛ընդգծէ, որ խօսքը 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան պետութեան մը մասին է, ուստի 1948-ին գաղթական դարձած պաղեստինցիները կը զրկուին իրենց տունդարձի իրաւունքէն. անոնք լաւագոյն պարագային կրնան վերոնշեալ սահմաններով Պաղեստին ներգաղթել. իրողութիւն մը, որ այդ բանաձեւին թեր քուէարկած եւ պաղեստինցի գաղթականներու նկատառելի թիւ ունեցող արաբական երկիրներուն, մասնաւորաբար Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ այդ գաղթականներուն գէթ մէկ մասին բնակեցման վտանգին կու տայ իրատեսական բնոյթ: Այդ վտանգը ներկայիս աճած է եւ մտավախութենէ մը աւելիին վերածուած: Յստակ չէ, թէ նշեալ երկիրներուն ղեկավարները այդ վտանգին գիտակցելո՞վ դիմած են թեր քուէարկելու քայլին, թէ՞ ոչ: Յամենայն դէպս, պաղեստինեան դատը համաարաբական այնպիսի հարց մըն է, որ մանաւանդ այս ծիրին մէջ անոնց չ՛արտօներ ազգային անվտանգութեան կամ պետական շահերու հիմամբ առարկութիւններ օգտագործելով պաղեստինեան պետութեան ծնունդին վկայագիրը եղող բանաձեւին այլ կերպով քուէարկել:
Ներպաղեստինեան մակարդակի վրայ բանաձեւի որդեգրումը երկարաձգեց քաղաքական կեանքը Մահմուտ Ապպասի եւ անոր ղեկավարած Ֆաթհ շարժումին, որոնք Կազայի դէմ իսրայէլեան վերջին յարձակումին լոյսին տակ կը գտնուէին լուսանցքայնացման վտանգին տակ: Իսկ Համաս շարժումը` զօրակցելով 1967-ի սահմաններով Պաղեստին մը ճանչցող նշեալ բանաձեւին, անուղղակի կերպով ընդունեց Իսրայէլի գոյութեան իրաւունքը, բան մը, որ նախապէս կտրուկ կերպով կը մերժէր. ինչ որ լարուածութեան յաւելեալ ազդակ մը կրնայ ըլլալ ներկուսակցական մակարդակի վրայ` Իսմայիլ Հանիյէի գլխաւորած իրանամէտ թեւին եւ սիւննի պետութեանց դաշինքին հովանաւորութիւնը վայելող Խալետ Մաշաալի թեւին միջեւ, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ Համասի եւ իրանեան առանցքին մաս կազմող պաղեստինեան այլ կազմակերպութեանց միջեւ:

