Խրուաթիոյ Փոխվարչապետը 22 Ամիս Բանտարկութեան Դատապարտուած Է
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հունգարական դատարան մը Խրուաթիոյ փոխվարչապետ Ռատիմիր Չաչիչը 22 ամիս բանտարկութեան դատապարտած է:
Պատճառը այն է, որ ան 2010-ին պատճառ դարձած էր ինքնաշարժի արկածի մը, որ զոհեր պատճառած էր:
Չաչիչ նաեւ իր երկրի տնտեսութեան նախարարն է եւ վարչապետ Զորան Միլանովիչի մտերիմ դաշնակիցը: Ան նախապէս յայտնած էր, որ բանտարկուելու պարագային հրաժարական պիտի տայ:
Դատավճիռը ենթակայ չէ բողոքարկման: Ըստ հունգարական օրէնքներուն, դատավճիռը պէտք է գործադրուի որդեգրումէն 1-2 ամիս ետք:
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ին ասիկա մեծ հարուած մըն է վարչապետ Միլանովիչի` մասնաւորաբար տնտեսական քաղաքականութեան, չորս տարի աճ չունենալէ ետք Չաչիչ պէտք էր անոր նոր ծրագիրը իրագործէր:
Չաչիչ 2010-ին երկու մարդու մահուան պատճառ դարձած էր, երբ այլ ինքնաշարժի բախած էր: Ան ընդունած էր իր մեղաւորութիւնը, սակայն մեղքը բարդած էր մառախուղին, ինչպէս նաեւ զոհերուն վրայ, որոնք ինքնաշարժի իրենց գօտիները կապած չէին:


