Քոնկրեսի Հանրապետականները Արտաքին Գործոց Նախարարի Պաշտօնին Սիւզըն Ռայսի Նշանակման Դէմ Են
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ հանրապետական ընդդիմութիւնը ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սիւզըն Ռայսի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելուն դէմ է:
Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական 97 անդամներ նախագահ Պարաք Օպամային յղած են նամակ մը եւ ակնարկելով Պենկազիի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումին նշած են, որ Ռայս «Միացեալ Նահանգներուն անուղղելի վնաս հասցուցած է»:
Հանրապետականները համոզուած են, որ Ռայս չի կրնար ամերիկեան դիւանագիտութեան պետի պաշտօնը վարել: «Մենք կը կարծենք, որ ձեր երկրորդ նստաշրջանին անոր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակումը էապէս պիտի վնասէ աշխարհի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու հարցին մէջ ձեր ջանքերուն», նշուած է Օպամային յղուած փաստաթուղթին մէջ:
Ինչպէս «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը նախապէս նշած էր, Ռայս արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին ամէնէն հաւանական թեկնածուն է: Սակայն անոր նշանակման համար անհրաժեշտ է ծերակոյտի համաձայնութիւնը, իսկ բազմաթիւ օրէնսդիրներ արդէն անոր նշանակման նկատմամբ լուրջ առարկութիւններ ունին:
Յիշեցնենք, որ այդ պաշտօնին իբրեւ թեկնածու շրջանառութեան մէջ դրուած էր նաեւ դեմոկրատական ծերակուտական Ճոն Քերիի անունը: Ռայսի թեկնածութեան դէմ առարկութիւնները կրնան բարձրացնել Քերիի` այդ պաշտօնին նշանակման առիթները: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Քերի նաեւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին թեկնածու է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն մտադիր է նախարարութիւնը ղեկավարել մինչեւ 2013-ի սկիզբը:

