Քլինթըն Թուրքիոյ Եւ Եւրոպայի Մէջ Հակահրթիռային Պաշտպանութեան Համակարգի Տեղակայման Մտադրութիւնը Կը Հաստատէ

Հիլըրի Քլինթըն

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն հաստատած է Միացեալ Նահանգներու մտադրութիւնը` շարունակելու Եւրոպայի մէջ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի ստեղծման աշխատանքները` անտեսելով Ռուսիոյ առարկութիւնները:

«Մենք Թուրքիոյ մէջ ռատար կը տեղակայենք եւ այլ կարելիութիւններ եւս պիտի աւելցնենք: Մօտ օրէն մենք հակահրթիռային համակարգեր պիտի տեղակայենք Ռումանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ», ըսած է ան:

Ռուսիա եւ ՕԹԱՆ 2010-ին Լիզպոնի վեհաժողովին ժամանակ Եւրոպայի հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի նախագիծին վերաբերեալ համագործակցելու համաձայնութիւն գոյացուցած են, սակայն բանակցութիւնները փակուղի մտած են Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրաւական երաշխիքներ տրամադրելէ հրաժարման պատճառով: Այդ երաշխիքները պիտի հաւաստեն, որ այդ համակարգը ուղղուած չէ ռուսական ուժերուն դէմ:

Մոսկուա ատոր ի պատասխան կը սպառնայ Քալինինկրատի մէջ «Իսքանտեր» ռազմավարական հրթիռային համակարգեր տեղակայել եւ շարք մը այլ ռազմա-քաղաքական միջոցառումներու ձեռնարկել:

Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու կողմէ Եւրոպայի մէջ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու ստեղծման նախագիծերու հարցը ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու լարուածութեան պատճառներէն մէկն է:

Share this Article
CATEGORIES