«Պաղեստինի Բռնագրաւուած Պետութեան Վերածուիլը Մեր Հողերը Կը Պահպանէ» Կ՛ըսէ Ապպաս
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտարարեց, որ «Պաղեստինի` բռնագրաւումի ենթակայ պետութեան մը վերածուիլը մեր հողերը մեզի համար կը պահպանէ»` վստահեցնելով, որ «մենք պատրաստ ենք միջազգային օրէնքին հիմամբ բանակցելու»:
Ան ըսաւ, որ երբ հինգշաբթի գիշեր ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստին ընթացքին խօսք արտասանած է` պահանջելով Պաղեստինի ՄԱԿ-ի լիակատար անդամակցութիւնը, «գիտէինք ինչ կ՛ուզենք եւ ինչ կ՛ընենք»` աւելցնելով, որ «հիմա եւս գիտենք ինչ կ՛ուզենք եւ ինչ կ՛ընենք»:
Ապպաս ըսաւ, որ «առաջին անգամ պահանջը ներկայացուցինք եւ քալեցինք», սակայն ՄԱԿ-ի լիակատար անդամակցութեան պահանջը պէտք էր անցնէր Ապահովութեան խորհուրդէն, որ մեր ջանքը ձախողութեան մատնեց: Սակայն «այս անգամ մեր քայլերը աւելի կարեւոր են, որովհետեւ ընդհանուր ժողովին ներկայացուցինք բանաձեւ մը, որպէսզի երկիրները զայն քուէարկութեան ենթարկեն»:
Ան ըսաւ, որ Պաղեստինի համար անկախ պետութեան մը հաստատումը իսկական արմատական փոփոխութիւն մըն է, սակայն Ընդհանուր ժողովը քուէարկութեամբ Պաղեստինը իբրեւ պետութիւն դասող որոշումին պատմական կարեւորութիւնը հաստատեց, որովհետեւ Պաղեստինին կու տայ իրաւունքներ, զորս իբրեւ պետութիւն ճանչցուելէ առաջ չունէր:
«Չեմ ուզեր սպառնալիքները մեկնաբանել, կրնայ վրէժխնդրութիւն տեղի չունենալ», ըսաւ ան:
Ինչ կը վերաբերի Համասի հետ հաշտութեան եւ վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ անոր իրագործման, Ապպաս ըսաւ, որ «հաշտութեան իրագործման համար պէտք ունինք միայն մէկ բանի, որ ընտրութիւններն են, եւ մենք ատոր կատարելապէս պատրաստ ենք»:
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտարարած է, որ Պաղեստինի` իբրեւ ՄԱԿ-ի մէջ դէտ պետութիւն ճանաչումը կը խոչընդոտէ Միջին Արեւելքի մէջ իրավիճակի խաղաղ կարգաւորման հոլովոյթը:
«ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բանաձեւը խաղաղութեան ճամբուն վրայ նոր խոչընդոտներ պիտի ստեղծէ: Մենք յստակ կերպով հասկցուցած էինք, որ պաղեստինցիներն ու իսրայէլացիները կրնան հասնիլ խաղաղութեան, որուն անոնք արժանի են, միայն ուղիղ բանակցութիւններու ճամբով», ըսած է Քլինթըն` «Ֆորէյն Փոլիսի» ամսագիրի կազմակերպած ձեռնարկին ընթացքին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի քուէարկութեան պատկերը ցոյց կու տայ, թէ պաղեստինեան դատին նկատմամբ զօրակցութիւնը հասած է իր բարձրագոյն մակարդակին:
«Այս որոշումը միջազգային ընտանիքին, նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն ուղղուած կարեւոր պատգամ մըն է, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ Պաղեստինը իբրեւ ամբողջական գերիշխանութեան տէր անկախ պետութիւն ճանչնալու ճամբուն վրայ մեծ քայլ մըն է, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի ժողովուրդի անիրաւութեամբ եւ բռնաճնշումով լեցուն պատմութեան մէջ նոր էջ մը կը բանայ», նշուած է նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ` յոյս յայտնելով, որ «միջազգային ընտանիքը, մասնաւորաբար Ապահովութեան խորհուրդի պետութիւնները ճիշդ ձեւով հասկնան որոշումին ի նպաստ լայն մեծամասնութեամբ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին քուէարկութեան պատգամը, ինչպէս նաեւ այն, որ շրջանին մէջ կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել առանց պաղեստինեան դատի լուծման»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ին եւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ կարելի եղածին չափ շուտ սկսելու երկու պետութեանց լուծումին հիմամբ խաղաղութեան հասնելու նպատակով բանակցութիւններուն` նշելով, որ Ընդհանուր ժողովի քուէարկութիւնը արդար, յարատեւ եւ համապարփակ խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն մեծ աջակցութիւն կը բերէ:


