«Փութինի` Թուրքիա Կատարելիք Այցելութեան Օրակարգին Վրայ Օդանաւի Հարցը Պիտի Չըլլայ Եւ Ընդհանրապէս Պէտք Է Մոռնալ Այդ Պատմութիւնը» Կ՛ըսէ Անգարայի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Իվանովսքի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա այցելութենէն երեք օր առաջ Անգարայի մէջ էջք կատարելու պարտադրուած Մոսկուա-Դամասկոս թռիչք կատարող օդանաւին վերաբերեալ նոր յայտարարութիւն կատարած է:
Ան յայտարարած է, որ օդանաւէն գրաւուած սարքերը 2004-ին ստորագրուած համաձայնագիրով ուղարկուած հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ռատարի մասեր եղած են:
Իվանովսքի յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Թուրքիա կատարելիք այցելութեան օրակարգին վրայ օդանաւի հարցը պիտի չըլլայ եւ ընդհանրապէս պէտք է մոռնալ այդ պատմութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Սուրիական օդանաւային ընկերութեան Մոսկուայէն Դամասկոս թռչող օդանաւը 11 հոկտեմբերին պարտադրուած էջք կատարած էր Անգարա: Թրքական կողմին պնդումով` ճամբորդատար օդանաւին մէջ զինուորական բեռ յայտնաբերուած էր, սակայն թէ՛ սուրիական, թէ՛ ռուսական կողմը հերքած էր այդ տեղեկութիւնը:
Ռուսիոյ նախագահութիւնը երէկ յայտարարեց, որ «Ռուսիա կայունութեան սպառնացող զէնքեր Սուրիա չ՛արտածեր»:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը, կը հաղորդէ, որ հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին թռիչքներու դիմաց փակուած Դամասկոսի միջազգային օդակայանին շուրջ բախումները շարունակուած են:
Տեղական համակարգումի յանձնախումբերը իրենց կարգին հաղորդեցին, որ երէկ առաւօտեան ժամը 1:00-ի ատեն օդակայանի արեւմտեան էջուղիին շուրջ բախումներ տեղի կ՛ունենային` նշելով, որ զինեալ ընդդիմադիրները ռմբակոծած են օդակայանի պաշտպանութեան պարտականութիւնը ունեցող սուրիական ուժերու` Հարան Աուամիտի մօտ գտնուող զօրանոցը եւ օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող երկրորդ ու երրորդ կամուրջներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը հինգշաբթի գիշեր յայտարարած էր, որ «Դամասկոսի միջազգային օդակայանին ճամբան ապահով է»: Իշխանութիւնները հինգշաբթի առաւօտէն ի վեր օդակայանին ճամբան փակած էին:
«Վրեմիա»` վկայակոչելով արեւմտեան լրատու աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ Դամասկոսի օդակայանը երէկ վերսկսած է իր բնական աշխատանքին:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանի տնօրէն Ռամի Ապտել Ռահմանը, կը հաղորդէ, որ երէկ երկրորդ օրն ըլլալով Սուրիոյ ամբողջ տարածքին մէջ համացանցի ծառայութիւնը դադրած էր, ինչպէս նաեւ ներքին եւ արտաքին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները շատ դժուարացած են:
Միւս կողմէ, երէկ «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ լիբանանեան զինեալ խումբ մը հիւսիսային Լիբանանէն Սուրիա ներթափանցելու ընթացքին ինկած է սուրիական բանակին լարած թակարդին մէջ: Սպաննուած են 14 լիբանանցիներ: Ըստ այլ տուեալներու, սպանեալներուն թիւը բարձրացաւ 24-ի:

