Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յառաջիկայ օրերուն պիտի ձեռնարկեն կարգ մը շարժումներու, որոնց նպատակն է տապալել Լիբանանի կառավարութիւնը: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական ոչ մէկ ուժ կրնայ յետաձգել երեսփոխանական ընտրութիւնները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Քաթարի իշխանին վախճանը շատ վատ պիտի ըլլայ, որովհետեւ ան իր պետութեան գումարները օգտագործած է քանդելու համար արաբ ժողովուրդը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ դատական իշխանութիւնները լուռ կը գործեն եւ ամէնօրեայ դրութեամբ հաղորդագրութիւններ չեն հրապարակեր: Ան ընդգծեց, որ երկրին դատական իշխանութիւնները քաղաքականացումէ հեռու պէտք է պահել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Եւրոպական խորհրդարանը անտեսած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի պահանջները:

ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան Հարեթ Հըրէյքի մէջ ձայնային ռումբ մը պայթած է` շրջանի երիտասարդներուն եւ սուրիացի աշխատաւորներու միջեւ բախումի մը ընթացքին:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով պաշտօնական աղբիւրէ մը, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման չի փափաքիր խորհրդարանի նստաշրջանը երկարաձգել, նոյնիսկ եթէ քաղաքական բոլոր կողմերը այդ կարելիութեան շուրջ համախոհութիւններ գոյացնեն: Նոյն օրաթերթին համաձայն, սակայն, նախագահ Սլէյման կրնայ այդ կարելիութեան մասին հաւանութիւն յայտնել, եթէ խորհրդարանը խոստանայ ընտրական նոր օրէնք մը մշակել:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ջանքերը ի վերջոյ պիտի նպաստեն լիբանանեան ազգային երկխօսութեան աշխուժացման:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ նախկին երեսփոխան Միշել Մըրի հետ հանդիպումներ կ՛ունենայ` քննարկելու համար հիւսիսային Մեթնի մէջ ընտրական դաշինք մը գոյացնելու հեռանկարները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ անձնական օդանաւով մը մեկնեցաւ Գահիրէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆատի Աուար յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական բոլոր շարժումները ուղղակիօրէն առնչուած են ընտրական օրէնքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ իրենց դէմ ուղղուած բոլոր ամբաստանութիւնները, թէ իրենք կը փորձեն խորհրդարանին աշխատանքները խոչընդոտել` 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու համար, մերժելի են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավարի խորհրդական Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ իրենք երկխօսութիւնը չեն մերժեր, սակայն իրենց հակառակորդներուն նկատմամբ իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ դժուար թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի փոխանցման շրջանի կառավարութեան մը նախագահէ` նկատի ունենալով, որ ինք երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածու է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում երեսփոխանական համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ խորհրդարանի նիստերուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելը ընտրական օրէնքին եւ քրիստոնեաներուն իրաւունքներուն ահաբեկում է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու շարունակութիւնը սխալ մըն է եւ երկիրը պիտի մղէ դէպի յաւելեալ վտանգներ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր վաղը` կիրակի օր պիտի վերադառնայ Սայտայի հրապարակին վրայ իր յայտարարած նախկին բաց նստացոյցին:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ նախատեսուած հանդիպում մը ջնջուած է` երկուքին վերաբերող պայմաններուն պատճառով:

 

Share this Article
CATEGORIES