Նախարար Սապունճեան Ընդունեց Լէյլա Սոլհը

Սապունճեան եւ Սոլհ

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ – Համատէն, որուն հետ քննարկեց ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց կարգին` գիւղական շրջաններուն մէջ գործարաններ կառուցելու եւ երկրագործութեան մարզին հետ գործակցելու կարելիութիւններ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը:

Սապունճեան եւ Սոլհ շեշտեցին նաեւ հաւասարակշռուած բարգաւաճման կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա կ՛երաշխաւորէ իր հողին վրայ լիբանանցիին գոյատեւումը:

Վ. Սապունճեան կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն կատարելու իրենց օրէնսդրական աշխատանքները` ծառայելու համար Լիբանանի տնտեսութեան:

Share this Article
CATEGORIES