Փլամպլի Թիւ 1701 Բանաձեւին Մասին Իր Տեղեկագիրը Ներկայացուց Քի Մունի
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին մասին իր տեղեկագիրը ներկայացուց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի:
Տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանային Կապոյտ գիծը հանդարտ է եւ խաղաղ, ինչպէս նաեւ նկատել տրուեցաւ, որ լիբանանեան իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Տեղեկագիրին մէջ Փլամպլի անդրադարձաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ջանքերուն` լուծելու համար Լիբանանի ներկայ քաղաքական տագնապը:
Փլամպլի նշեց նաեւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի Պէյրութի մէջ սպանութիւնը պատճառ դարձած է Լիբանանի քաղաքական տագնապին բռնկելուն եւ երկրին ապահովական անվտանգութեան խախտումին, ինչպէս նաեւ ուղղակիօրէն կապուած է սուրիական տագնապին:
Տեղեկագիրին մէջ շեշտուեցաւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ազգային երկխօսութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Փլամպլի իր տեղեկագիրին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցին եւ անոնց կարիքներուն` նշելով, որ լիբանանեան իշխանութիւնները միջազգային ընտանիքին հետ խորհրդակցութիւններու մէջ են` յաւելեալ օժանդակութիւն ստանալու նպատակով:

