Ռընէ Մուաուատի Սպանութեան 23-ամեակ
Երէկ երեկոյեան Տըպպայէի Էմիլ Լահուտի անուան սրահին մէջ նշուեցաւ հանրապետութեան նախկին նախագահ Ռընէ Մուաուատի սպանութեան 23-ամեակը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ, հոգեւորականներ, որոնց շարքին` մարոնի համայնքի Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքը եւ ներկաներու հոծ բազմութիւն մը:
Ռընէ Մուաուատի յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկին առիթով անոր զաւակը` Միշել Մուաուատ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ենթարկուի զոյգ յարձակումներու, որոնցմէ առաջինը Սուրիոյ կողմէ, որ կը փափաքի Լիբանանի մէջ սադրանքներ նախապատրաստել, իսկ երկրորդը` Իրանի կողմէ, որ կ՛ուզէ Լիբանանը վերածել իրանեան արուարձանի մը եւ իշխել անոր, որպէսզի Սուրիոյ եւ Պաղեստինի մէջ իր կրած վնասները հատուցած ըլլայ:

