Վարչապետ Միքաթի Այցելեց Ռայի Պատրիարքին
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան շուրջ ժամը 6:00-ին այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ եւ շնորհաւորեց զայն` անոր կարտինալական ձեռնադրութեան առիթով:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, ո՛վ որ ալ ըլլայ վարչապետը:
Պքերքէի մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Միքաթի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին որեւէ կառավարութեան իշխանութեան օրով, նոյնիսկ եթէ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն կարելի չըլլայ գոյացնել:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ իր մտահոգութիւնները կը փարատին, երբ լիբանանցիները միասնական կը տեսնէ: «Մենք յատկապէս այս հանգրուանին պէտք է միասնականութեամբ գործենք եւ համախոհութիւն գոյացնենք` նկատի ունենալով շրջանային պայմանները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պէտք չէ սպասել Սուրիոյ իրադարձութիւններուն յստակացումին:
Անդրադառնալով երեսփոխան Օքապ Սաքըրի վերագրուող յայտարարութիւններուն եւ կեցուածքներուն, որոնք հրապարակուեցան լրատուամիջոցներուն կողմէ, վարչապետ Միքաթի ըսաւ, որ Սաքըր ազատ է եւ ինչ որ փափաքի կը կատարէ, իսկ մենք ոչ ոքի վրայ մեր կեցուածքն ու տեսակէտը կը պարտադրենք:
«Կարեւորագոյնը սիրոյ եւ լիբանանցիներուն միջեւ հաղորդակցութեան վրայ հիմնուած գործակցութիւնն է` փրկելու համար Լիբանանը զայն հարուածող փոթորիկներէն», եզրափակեց վարչապետ Միքաթի:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը նախանցեալ երեկոյեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ երեսփոխաններ Ֆատի Քարամ, Էլի Քէյրուզ, նախկին նախարար Թոնի Քարամ եւ կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի անդամ Էտի Ապի Լամաա:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք Ռայի պատրիարքը շնորհաւորած են անոր ստացած կարտինալական խորհրդանշանին առիթով:
Սթրիտա Ժահժահ շեշտեց, որ կարտինալական խորհրդանշանը բարոյական իմաստ ունի նաեւ Լիբանանի եւ Պքերքէի համար` նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան երկիր մը ըլլալու Լիբանանի իրականութիւնը


