Պըրրի. «ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Որոշումը Քայլ Մըն Է Դէպի Պաղեստինեան Պետութեան Կերտում»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորագիր մը յղեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի` ողջունելով պաղեստինցիներուն արձանագրած քաղաքական եւ դիւանագիտական յաղթանակը, որ իրականացած է ՄԱԿ-ին կողմէ պաղեստինեան պետութեան ճանաչումով:
Պըրրի շեշտեց, որ այս որոշումը մայրաքաղաք Երուսաղէմով անկախ եւ գերիշխան պաղեստինեան պետութիւնը կերտելու նախաքայլը կը նկատուի:
Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան արաբական միակ երկիրն է, որ տակաւին նուիրուածութեամբ կը զօրակցի պաղեստինեան պետութեան պայքարին եւ զոհողութիւններ կը մատուցէ պաղեստինեան դատի լուծման ի խնդիր:
Խորհրդարանի նախագահը ողջունեց նաեւ պաղեստինցի նահատակները եւ պաղեստինցիներուն մաղթեց ազգային միասնականութիւն ու Իսրայէլի դէմ յարատեւ պայքար:
CATEGORIES Լիբանանեան

