Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Զօր. Աունի
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին նախարարներ Ղազի Արիտի, Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ալաէտտին Թըրրօ, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր:
Զօր. Աունի կողքին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան եւ Զիատ Ասուատ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մշակած երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Արիտի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերէն պահանջուած է հանդիպումի, հանդարտութեան եւ երկրին ապահովական կայունութեան պաշտպանութեան ճամբան որդեգրել:
«Իսկ եթէ չկրցանք ընտրական նոր օրէնք մը մշակել, ապա պէտք չէ խոչընդոտենք սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին այդ ընտրութիւններուն կայացումը», ըսաւ Արիտի:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարը հաստատեց, որ իրենց կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած այս նախաձեռնութիւնը չի միտիր կառավարութեան կազմը փոփոխութեան ենթարկել` աւելցնելով սակայն, որ իրենք կը յարգեն այլոց տեսակէտները եւ անհրաժեշտ կը գտնեն փոխադարձ խորհրդակցութիւններու կայացումը` յանգելու համար երկրին քաղաքական այս տագնապին յարմար լուծման:
Արիտի նշեց, որ տակաւին քաղաքական ոչ մէկ ուժ ժխտական կեցուածք յայտնած է իրենց նախաձեռնութեան նկատմամբ` աւելցնելով, որ իրենց կատարելիք յառաջիկայ այցելութիւններուն մասին պիտի յայտարարեն հետագային:
«Պէտք է լիբանանցիներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակել` հասնելու համար հասարակ յայտարարներու, որովհետեւ կ՛ուզենք պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ Արիտի:


