«Պաղեստինը Իբրեւ Դէտի Կարգավիճակով Պետութիւն Ընդունիլը Ժողովրդավարութեան Յաղթանակն Է» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման եւ երեսփոխան Խտըր Հապիպ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ողջունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին որոշումը` Պաղեստինը դէտի կարգավիճակով իբրեւ ոչ անդամ պետութիւն ճանչնալու:

«138 թեր քուէներով որդեգրուած այդ որոշումը ժողովրդավարութեան յաղթանակն է, հակառակ Իսրայէլի բանեցուցած բոլոր ճնշումներուն», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Ան շեշտեց, որ Իսրայէլ պէտք է համոզուի ժողովրդավարութեան ընտրանքով եւ մաս կազմէ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին` հիմնուելով մատրիտեան սկզբունքներուն եւ Պէյրութի արաբական նախաձեռնութեան հիման վրայ, եթէ ան իսկապէս կը փափաքի շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատել եւ վերջ տալ բռնարարքներուն, բռնագրաւումին եւ հրէացումի քաղաքականութեան:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի մէջ տեղի ունեցած այս իրադարձութիւնը պաղեստինցիներուն նկատմամբ նոր վարուելակերպ մը ցուցաբերելու սկիզբ մըն է, ինչպէս նաեւ անոնց պետութեան նոր ծնունդ եւ ինքնութիւն:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց

հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ  երեսփոխան Խտըր Հապիպ:

Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հապիպ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմերուն տեսակէտներուն միջեւ մերձեցում մը ստեղծելու նախագահ Սլէյմանի ջանքերուն կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց:

Հապիպ շեշտեց, որ ինք նեցուկ կը կանգնի «Պաապտայի յայտարարութեան», որ կը վայելէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն համախոհութիւնը:

Հապիպ դրուատեց նաեւ Լիբանանի մէջ ալեւի համայնքին շահերը պաշտպանելու առումով նախագահ Սլէյմանի ճիգերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` իր ջանքերուն առումով:

Share this Article
CATEGORIES