Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Հանդիպում` Սուրիահայերու Օգնութեան Նպատակով
Հինգշաբթի, 29 նոյեմբեր 2012-ին, Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ «Օգնիր եղբօրդ» հասարակական կազմակերպութեան համադրող Վահան Յովհաննիսեան` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի, աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան, Եւրոպական խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, Եւրոպայի ժողովրդային կուսակցութիւն խմբակցութեան անդամ Ռոտի Քրացա – Ցանկարոփուլուի հետ:
Քրացա մօտէն կը զբաղի Սուրիոյ մէջ մարդասիրական օգնութեան կազմակերպումով եւ առաքումի աշխատանքով` գործակցելով Եւրոպական Միութեան պատկան սպասարկութեանց հետ: Յովհաննիսեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Սուրիոյ մէջ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստան ապաստան գտած սուրիահայերու ներկայ իրավիճակը: Ան դիմեց Քրացայի օժանդակութեան, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ տրուած մարդասիրական օգնութիւնը տրամադրուի նաեւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն:
Քրացա խոստացաւ իր կարելին ընել` մարդասիրական օժանդակութիւն ապահովելու համար, միաժամանակ տալով կարգ մը ցուցմունքներ` առնուելիք քայլերուն համար, որպէսզի երկուստեք կատարուելիք աշխատանքը ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ: Հանդիպման ընթացքին Քրացա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանին հետ` տեղեկացնելու անոր այս հանդիպման մասին, եւ թէ Պրիւքսելէն ու Երեւանէն կապ պիտի հաստատուի իրեն հետ, եւ խնդրեց, որ առաւելագոյնը հայկական կողմին հետ գործակցութեան ընթացքին:
«Վահան Յովհաննիսեանի Եւրոպական խորհրդարան աշխատանքային այցելութիւնը լաւագոյն առիթն էր այս հանդիպումը կայացնելու, որովհետեւ թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը եւ թէ՛ մենք, առիթը ունեցանք փոխանցելու յաւելեալ տեղեկութիւններ, ներկայացնել առաջարկներ եւ համագործակցութեան եզրեր որոնել: Այսպիսով կը շարունակենք Պրիւքսելի մէջ արդէն սկսած քաղաքական մեր հանդիպումները` առաւելագոյն օգնութիւնը բերելու մեր հայրենակիցներուն ֆիզիքական անվտանգութեան եւ մարդասիրական օժանդակութեան ապահովման համար», շեշտեց Գասպար Կարապետեան:

