«Յոյժ Կարեւոր Է Ղարաբաղի Վերադարձը Տագնապի Լուծման Հոլովոյթ» Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան

«Շրջանային անվտանգութեան ուժականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ» գիտական ֆորումի մասնակիցներուն յղած ուղերձին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի համար ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման միակ ընդունելի տարբերակը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափն է:

Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման կարելի է հասնիլ միայն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ֆիզիքական ապահովութեան եւ սեփական ճակատագիրը ինքնուրոյն կերպով որոշելու իրաւունքի երաշխաւորուած ապահովման պարագային: «Այս առումով յոյժ կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վերադարձը ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթ», ըսուած է Սերժ Սարգսեանի ուղերձին մէջ:

«Ազրպէյճանի կողմէ շրջանին մէջ իրականացուող սպառազինութիւններու մրցավազքը, ռազմատենչ յայտարարութիւնները եւ պետական ամէնէն բարձր մակարդակով հայատեացութեան քարոզը, որուն վերջին դրսեւորումն էր քնացած հայ սպան կացնահարած ազրպէյճանցի սպայ Սաֆարովի հերոսացումը, լրջօրէն կը սպառնան ոչ միայն Հայաստանի, այլ ամբողջ Հարաւային Կովկասի ապահովութեան»,  յայտարարեց նախագահը: Ան աւելցուց, որ  ստեղծուած պայմաններուն մէջ Հայաստան ստիպուած է առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնել իր պաշտպանական համակարգի բարեփոխման ու բարելաւման վրայ` իբրեւ Ազրպէյճանի  ռազմատենչ յաւակնութիւնները զսպող եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն ապահովող գործօն:

«2008 թուականին Հայաստան նախաձեռնեց Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններու լուծման հոլովոյթին` իբրեւ առաջին քայլ նպատակ ունենալով հաստատել դիւանագիտական  յարաբերութիւններ եւ առանց նախապայմաններու բանալ սահմանները: Հայաստան, ի տարբերութիւն Թուրքիոյ, այսօր ալ հաւատարիմ կը մնայ յարաբերութիւններու լուծման հիմքը դրուած այդ սկզբունքներուն», նշեց Սերժ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES