Հայաստան Միակողմանիօրէն Յանձնեց Ազրպէյճանցի Քաղաքացի Մը
Հայաստանի Իջեւան եւ Ազրպէյճանի Ղազախ քաղաքներուն միջեւ գտնուող ճամբուն վրայ հայկական կողմը երէկ ազրպէյճանական կողմին յանձնեց Ազրպէյճանի քաղաքացի Թելման Ճաւանշիրօղլու Ալիեւը: Այդ մասին հաղորդագրութիւն տարածեց Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն, որուն հովանիին ներքեւ տեղի ունեցաւ Ալիեւի միակողմանի յանձնումը:
Ազրպէյճանի Ղազախի շրջանի Մազամլի գիւղի 41-ամեայ բնակիչը հայ – ազրպէյճանական սահմանը Տաւուշի մարզի հատուածին մէջ անցած էր երկու շաբաթ առաջ:
Հայկական կողմը դէպքին մասին իրազեկած էր միջազգային կազմակերպութիւնները:
Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, որ մինչեւ հայրենադարձումը այցելած էր ազրպէյճանցի քաղաքացիին` գնահատելու պայմանները, որոնց մէջ ան կը պահուէր Հայաստանի մէջ: Կազմակերպութիւնը նաեւ ապահովեց Ալիեւի եւ անոր հարազատներուն միջեւ ընտանեկան բնոյթի տեղեկութիւններու փոխանակումը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ հայկական կողմը ազրպէյճանցին կը յանձնէ միակողմանիօրէն:

