Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի Լոնտոնի Միջազգային Մրցաշարքին
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լոնտոնի «Քլասիք» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 1-10 դեկտեմբերին` Անգլիոյ մայրաքաղաքին մէջ:
Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան կրանտմասթըրներ Անանտ, Քարլսըն, Քրամնիք, Նաքամուրա, Փոլկար, Էտըմզ, Մաքշէյն եւ Ճոնզ:
Նշենք, որ միայն 5 դեկտեմբերին մրցում տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ այդ օրը պիտի ըլլայ հանգիստի օր:
CATEGORIES Մարզական

