Փինկ Փոնկ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Ժընուպ Թուլի Յաղթարշաւը Կը Շարունակուի
Մարոքի մէջ տեղի ունեցող Արաբական ակումբներու փինկ փոնկի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Դ. խմբակին մաս կազմող Ժընուպ Թուլի տղոց խումբին յաղթարշաւը կը շարունակուի` նկատի ունենալով, որ անիկա արձանագրեց յաւելեալ երկու յաղթանակներ` պարտութեան մատնելով քաթարեան Արապին (3-2) եւ լիպիական Սարիյան (3-0):
Լիբանանեան խումբին մաս կը կազմեն` Ալֆրետ Նաժըմ, Տաուտ Շըհայեպ, Մոհամետ Համիէ եւ հարաւային քորէացի Եոն Ժաունկ:
Տղոց երկրորդ խումբը` Նատուա Քամաթիէ ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը, յաջորդաբար յաղթելէ ետք իրաքեան Սլէյմանիէին (3-0) եւ ալճերիական Օլիմփիքին (3-1):
Քամաթիէի մաս կը կազմեն Ռաշիտ Պըպպօ, Հանի Թըմսահ եւ հնդիկ Քամալ Աշանթա:
Աղջկանց մրցումներուն, լիբանանեան Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա թէեւ իր կատարած երէկուան առաջին մրցումին յաղթեց Սատաքա Մոհամատիէին (3-0), սակայն երկրորդին 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ ախոյեան Արապէն (3-0):
Քֆարշիմայի մաս կը կազմեն Հալա Ուըհպէ, Լիզ Հաժ Նիքոլա, Մելիսա Սապեր եւ Միշլին Հաննա:
Վերջապէս, լիբանանեան չորրորդ եւ վերջին խումբը` Շապապ Ֆաուար, որուն մաս կը կազմեն Աննա եւ Մարիա Մարգարեան քոյրերը, ինչպէս նաեւ Հանեմ Ժումաա, երէկ 3-0 արդիւնքով պարտուեցան քաթարեան Մարաա խումբէն:


