Եուրա Մովսիսեան Պիտի Դառնայ Սպարտակի Ամէնէն Աւելի Շատ Վարձատրուող Մարզիկներէն Մէկը
Իր լուրը քաղելով ռուսական մամուլէն` Armsport.am հայկական մարզական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Սպարտակ Մոսկուայէն Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի գանձելիք գումարը պիտի դառնայ ամէնէն բարձրներէն մէկը` նկատի ունենալով, որ պիտի գանձէ պրազիլցի իր խմբակիցին` Վելիթոնի նման: Ան տարեկան կը գանձէ 2,5 միլիոն եւրօ, մինչ Մովսիսեան պիտի գանձէ 2,4 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ յառաջիկային տրուելիք յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Սպարտակ Մոսկուա պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ 25 տարեկան Մովսիսեանի փոխանցումը:
CATEGORIES Մարզական

